Search
Close this search box.

ԻՏԱԼԻԱ – «Մեր ժամանակներու մշակութային ցեղասպանութիւնը։ Նախիջեւան. հայկական մշակոյթի եւ պատմութեան ոչնչացումը» խորագրեալ գիրքի շնորհահանդէսը

Յունուար 23-ին, Իտալիոյ Երեսփոխաններու պալատի մամլոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած է «Մեր ժամանակներու մշակութային ցեղասպանութիւնը։ Նախիջեւան. հայկական մշակոյթի եւ պատմութեան ոչնչացումը» խորագրեալ գիրքի շնորհահանդէսը։ 

Անթոնիա Արսլանի եւ Ալտօ Ֆերարիի հեղինակած սոյն հատորը լոյս տեսած է Guerini e Associati հրատարակչութեան կողմէ (Միլանօ, 2023)։

Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկած են գրող, գիրքին խմբագիր Անթոնիա Արսլան, Իտալիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Ճուլիօ Չենթեմերօ, Վենետիկի Կա Ֆոսքարի համալսարանի դասախօս Ալտօ Ֆերարի, Հռոմի Ռիսորճիմենթօ կեդրոնական թանգարանի տնօրէն Մարքօ Փիցօ (Pizzo):