Հայաստանի աշխարհագրութիւնը՝ ծովէ զուրկ, շրջապատուած չորս դրացիներով, կը սահմանափակէ երկրին աշխարհի հետ կապուելու կարելիութիւնները։ Մա՛նաւանդ երբ դրացիներէն երկուքը թշնամական վերաբերում ունին, իսկ միւս երկուքը՝ իրենց կարգին ունին իւրայատուկ խնդիրներ իրենց հեռու եւ մօտ դրացիներուն հետ. Վրաստանը՝ Ռուսաստանի եւ Իրանը՝ մասնաւորաբար Արեւմուտքի եւ Իսրայէլի հետ։ Չորս դրացիները ունին դէպի ծով ելքեր, սակայն անոնցմէ մինչ այժմ միայն Վրաստանինը հասանելի է Հայաստանին։
Ուղղակի սահմանակից չըլլալով հանդերձ, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնն ու տնտեսութիւնը սերտօրէն կապուած է Ռուսաստանի հետ։ Հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ Վրաստան կը հանդիսանայ աշխարհագրականօրէն այն անշրջանցելի օղակը որ Հայաստանը կը կապէ Ռուսաստանին։ Բայց, Վրաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները, Սովետական Միութեան փլուզումէն ետք, անցան ալեկոծ վերիվայրումներէ եւ մինչեւ այսօր ալ այդ երկրին քաղաքական աշխարհը կը մնայ երկփեղկուած ու լարուած, Ռուսաստանի եւ ԵՄ-ՕԹԱՆ սուր հակադրութեան պատճառով։
Սակայն Վրաստան կարեւոր է Հայաստանի համար նաեւ դէպի Եւրոպա կապ հաստատելու համար։ Անցեալ տարի Երեւանի մէջ «Նեմեսիս» արձանի բացումին պատճառով Թուրքիա փակեց իր օդային տարածքը ճամբորդական օդանաւերուն։ Հայաստան հասնելու միակ միջոցը մնաց Վրաստանը, Իրանի միջոցով անցքը այլ բարդութիւններ կը ստեղծէր եւրոպական օդային ընկերութիւններուն։ Իսկ երբ Ռուսաստան չյարգեց Հայաստանի զէնք վաճառելու պայմանագիրը, Ֆրանսայէն Հայաստան զինամթերքի փոխադրութիւնը կատարուեցաւ Վրաստանի միջոցով։
Այս իրավիճակը բնականաբար Հայաստան-Ռուսաստան եւ Հայաստան-ԵՄ-ԱՄՆ յարաբերութիւնները կը պայմանաւորէ Վրաստանի սոյն երկիրներու հետ յարաբերութիւններով, ինչ որ Հայաստանը կը պահէ ուրիշ երկրի մը արտաքին քաղաքականութեան ենթակայութեան պայմաններու տակ։ Վրաստանի մէջ «օտարերկրեայ գործակալի մասին» օրէնքը Ռուսաստան-Արեւմուտք յարաբերութիւններու սուր լարում յառաջացուց, ինչ որ ռուս-ուքրաինական պատերազմի լոյսին տակ կրնայ ապագային Հայաստանի համար եւս բարդութիւններ ստեղծել, եթէ ռուս-վրացական յարաբերութիւնները շատ սերտանան։
ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը կը նախատեսէ Հայաստան-Իրան գործակցութեան նոր ուղի մը, ուր Իրանի Չապահար նաւահանգիստը կրնայ հանդիսանալ դէպի Հնդկաստան եւ Արաբական ծոցի երկիրներու հետ հաղորդակցութեան նոր այլընտրանք մը։ Անցեալ Մայիսին, Իրան եւ Հնդկաստան Չապահար նաւահանգիստը գործարկելու համաձայնութիւն մը կնքեցին 10 տարուան համար 390 միլիառ տոլարի ներդրումի պայմանագրով։
Յունիս 4-ին Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան Ազգային ժողովի մնայուն յանձնաժողովներու համատեղ նիստի ընթացքին «ՀՀ 2023 թուականի պետական ելեւմուտքի կատարման մասին» տարեկան հաշուետւութեան ընթացքին ակնարկելով Չապահար նաւահանգիստին՝ տեղեկացուց որ Վարչապետին որոշմամբ ստեղծուած է աշխատանքային խումբ մը, զոր պիտի ղեկավարէ տնտեսութեան նախարարը. «Արտաքին գործերի նախարարութիւնը չափազանց կարեւորում է այս նախագծում Հայաստանի Հանրապետութեան ներգրաւումը։ Կը լինի առանձին մաքսային կայան Չաբահարում, թէ պէտք է օգտուել հնդկական արդէն իսկ գործողից՝ այս մասով քննարկումներ են ընթանում եւ որոշակի ուսումնասիրութիւններ են տեղի ունենում եւ վերջանական որոշումները մի քանի ամսուայ ընթացքում կը կայացուեն»,– տեղեկացուց ան։
Իրանի միջոցով դէպի հարաւ ծովային ելք ունենալը Հայաստանի համար ունի էական նշանակութիւն, որ ուղղակի առնչուած է երկրին անվտանգութեան երաշխաւորման հետ։ Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ ռազմական վտանգը դիմագրաւելու համար Հայաստան պէտք ունի ռազմամթերքի. ՀԱՊԿ-ի եւ Ռուսաստանի կողմէ՝ Հայաստանի նկատմամբ դաշնակցային ռազմավարական պարտաւորութիւններու դրժումի պայմաններուն մէջ, Հայաստան ստիպուած զէնք կը գնէ այլ աղբիւրներէ, մա՛նաւանդ Հնդկաստանէն. գործարք մը, որուն համար Իրանի հետ բարիդրացիութիւնն ու անոր նաւահանգստային միջոցներու գործածութեան կարելիութիւնը էական նշանակութիւն ունին։ Նոյնն է պարագան տնտեսական շուկաներուն՝ բազմազանութիւնը ապահովելու համար։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։