Search
Close this search box.

ԻՐԱՆ – ՔԵՐՄԱՆ – Քերմանի գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցած պայթումներուն հետեւանքով կան 100-է աւելի մեռեալներ եւ մեծ թիւով վիրաւորներ

Mehr լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Յունուար 3-ին Քերման քաղաքին մէջ տեղի ունեցած յաջորդական երկու պայթումներու հետեւանքով կան 100-է աւելի մեռեալներ եւ շուրջ 200 վիրաւորներ, որոնցմէ շատեր ծանր վիճակի մէջ կը գտնուին։

Դէպքը տեղի ունեցած է Քերմանի «Նահատակներու գերեզմանատան» մէջ, ուր հազարաւոր Իրանցիներ կ՚ոգեկոչէին զօրավար Ղասեմ Սուլեյմանիի յիշատակը, վերջինիս մահուան չորրորդ տարելիցին առիթով։

Քերման նահանգի որոշ պաշտօնեաներ միջադէպը որակած են ահաբեկչական գործողութիւն:

Վերջին տեղեկութիւններու համաձայն՝ ամբոխի մէջ պայթած է ռումբեր պարունակող երկու պայուսակ։

Իրանի Անվտանգութեան ծառայութեան և իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցները կը հետաքննեն դէպքին հանգամանքները։