Սեպտեմբեր 18-ին, Իրաքի քրտական մարզի Հաւրէզք հայաբնակ գիւղ տանող ճանապարհի շինարարութեան հիմնաքարը դրուած է։ Այսպէսով վերջ պիտի գտնէ գիւղացիներու դէպի մօտակայ քաղաքներ երթեւկութեան դժուարութիւնը։
Հիմնաքարի զետեղման արարողութեան, զոր գլխաւորած է Տհօքի նահանգապետը, մասնակցած է Իրաքահայ թեմի առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան։
Հայր Սուրբը երախտագիտութեան խօսք ուղղած է նահանգապետին եւ Սիւմէլի քաղաքապետին, որ նախաձեռնած են Հաւրէզքի բնակիչներուն համար այս կենսական ծրագրին։ Ան իր խօսքին մէջ ըսած է. “Աստուծոյ նախախնամութեամբ մօտ օրէն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պիտի արժանանամ եպիսկոպութեան աստիճանի, եւ այսօրուան եղածը պիտի համարեմ ձեռնադրութեան առիթով ինծի բաշխուած ամէնէն թանկագին նուէրը”։
Այս ազօգուտ աշխատանքներուն մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունեցած է Քիւրտիստանի խորհրդարանի նախկին անդամ Երուանդ Էմինեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։