Search
Close this search box.

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի հովանաւորութեամբ միջազգային համաժողով՝ նուիրուած Հայ շարժարուեստի 100-ամեակին

Նոյեմբեր 2–3, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի հովանաւորութեամբ եւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարզանքի նախարարութեան աջակցութեամբ Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ միջազգային համաժողով մը՝ նուիրուած Հայ շարժարուեստի 100-ամեակին։ Համաժողովին կը մասնակցին աշխարհի տարբեր երկիրներէ՝ Մեծն Բրիտանիայէն, Ֆրանսայէն, Իտալիայէն, Իրանէն, Ռուսաստանէն, Վրաստանէն, Լեհաստանէն…  սինեմայի մասնագէտներ։

Համաժողովի նպատակն է մէկտեղել արտասահմանի եւ Հայաստանի շարժարուեստի ներկայացուցիչները՝ քննարկելու սինեմայի զարգացման, պահպանման ու տարածման նոր ուղիները նոր դարաշրջանին մէջ։ Պիտի ուսումնասիրուին նաեւ միատեղ արտադրութեան հեռանկարները։