Search
Close this search box.

ԼԵՀԱՍՏԱՆ – Մշակութաբան Արմինէ Տիգրանեան. «Ապատեղեկատւութեան միջազգայնացման քարոզարշաւով՝ Ազերպայճան կը վերաշարադրէ իրեն համար նոր պատմութիւն մը» 


Մշակութաբան Արմինէ Տիգրանեան

Մայիս 25-ին, Վարշաւայի մէջ Ազերպայճանի կողմէ բացուած է «Ղարաբաղի աղուանական  քրիստոնէական տաճարները» լուսանկարչական ցուցահանդէսը։ Մշակութաբան, «Բնօրրան» պատմամշակութային կազմակերպութեան փորձագէտ, Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօս Արմինէ Տիգրանեան Panorama.am-ի հետ զրոյցին յայտնած է, թէ այս ցուցահանդէսին նպատակը հայկական մշակութային ժառանգութեան իւրացումն է եւ միջազգային հարթակներու վրայ ապատեղեկատւութեան տարածումը։

Ցուցահանդէսի առանցքային նպատակը՝ հայկական պատմական Դադիվանքը,  Ամարասը, Գանձասարը, Ծիծեռնավանքը եւ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող քրիստոնէական հայկական շարք մը եկեղեցիները աղուանական հռչակելն է։

«Ազերպայճան այս քաղաքականութիւնը կը վարէ  բազմամշակութայնութեան քարոզի ներքոյ, բայց կ՚ոչնչացնէ Արցախի իւրայատուկ մշակութային ինքնատիպ գոյնը»,– ընդգծած է Ա. Տիգրանեան:

Ցուցահանդէսը կազմակերպած է Լեհաստանի մէջ Ազերպայճանի դեսպանութիւնը, գանձատրած՝ «Հեյտար Ալիեւ» հիմնադրամը։

«Ցուցահանդէսը՝ Լեհաստանի մէջ Ազերպայճանի դեսպանին կողմէ ներկայացուած է իբրեւ նուէր իրենց անկախութեան տօնին: Հիւրերու շարքին եղած են Ազերպայճանի մէջ աղուանա-ուտիական համայնքի, ինչպէս նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ներկայացուցիչները։ Այս վերջիններուն ներկայութիւնը տարակուսելի է,  քանի որ Կազմակերպութիւնը՝ ըլլալով մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան վերազգային, ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ գործող ամէնէն կարեւոր կառոյցը, որ պատասխանատու է ցեղային փոքրամասնութիւններու մշակութային ինքնատպութեան, բազմամշակութայնութեան, հանդուրժողականութեան եւ այդ գաղափարներու, սկզբունքներու պահպանութեան համար, փաստօրէն այս քայլով կ՚ոչնչացնէ այդ սկզբունքները՝ այս պարագային հովանաւորելով Ազերպայճանը։ Սա ուղղակի հարուած մըն է ամբողջ մարդկութեան մշակութային ժառանգութեան»,– նշած է մշակութաբանը։

Ա. Տիգրանեան ընդգծած է, որ Ազերպայճան կը փորձէ բազմամշակութայնութեան քարոզչութիւն ընել ո՛չ թէ բնական եւ իրական կերպով, այլ Արցախի մշակութային ինքնատիպ գոյնը, մշակութային ժառանգութիւնը ոչնցաչնելով եւ իւրացնելով։

«Հայկական  մշակութային արժէքները աղուաններուն վերագրելը ոչ միայն ունի քարոզչական նպատակ, այլեւ հեռուն տանող ռազմավարական նպատակ. Ազերպայճան կը փորձէ այս քայլով օրինականացնել Արցախի տարածքի  բռնագրաւումը՝ իրեն համար հնագոյն ինքնութիւն ստեղծելով Կովկասի տարածաշրջանին մէջ։ Իւրացնելով հայկական ժառանգութիւնը եւ վերագրելով զայն աղուաններուն, իսկ այս վերջիններն ալ համարելով իր նախնիները, Ազերպայճան կը փորձէ վերաշարադրել պատմութինը, կ՚ուզէ օրինականացնել Արցախի մէջ իր ներկայութիւնն ու բռնութիւնները»,– ըսած է Ա. Տիգրանեան։

Հայկական մշակութային ժառանգութեան աղուանացնան տեսութիւնը կամ իւրացման քաղաքականութիւնը նորութիւն չէ, ան ձեւաւորուած է 20-րդ դարու երկրորդ կէսին եւ կը կիրարկուի Ազերպայճանի պետական տարբեր ատեաններու կողմէ։ Այս տեսութիւնը յատկապէս աշխուժացած է 2020-ի պատերազմէն ետք, երբ Ազերպայճանի մէջ ապրող քրիստոնեայ ուտիական համայնքի ներկայացուցիչները զանազան այցելութիւններ կը կազմակերպէին հայկական եկեղեցիներ՝ պղծելով հայկական մեր եկեղեցիներու ծէսերը, ծիսական աւանդութիւնները՝ զանոնք հռչակելով աղուանական։

Մշակութաբանին համաձայն՝ աղուանա-ուտիական համայնքի ներկայացուցիչները պղծած եւ քանդած են Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Ծիծեռնավանքի հայկական եկեղեցւոյ եզակի հորը, պղծած են Հադրութի Սուրբ Խաչ, Ծակուռիի 12-րդ դարու Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիները:

«Վերջերս աշխուժացած են Ամարասը, Դադիվանքը, Գանձասարը աղուանական հռչակելու թեզերը՝ անտեսելով, օրինակ, Դադիվանքի 200-է աւելի հայկական արձանագրութիւնները, Գանձասարի արձանագրութիւններն ու բացառիկ խաչքարերը, Ամարասի ամբողջ մշակութային ժառանգութիւնը, որ կը սկսի 4-րդ դարէն»,– յայտնած է փորձագէտը՝ աւելցնելով, թէ կարեւոր է արձանագրել, որ այս քաղաքականութեամբ Ազերպայճան կը փորձէ միջազգային հանրութեան ներկայանալ իբրեւ բազմամշակութային երկիր, ուր կը յարգուին տարբեր կրօնական փոքրամասնությիւններու մշակոթները, սակայն մէկ այլ ուղղութեամբ Ազերպայճան կը խախտէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ  ընդունուած չափանիշերը։

Նշենք, թէ լեհական մամուլը լայնօրէն լուսաբանած է Վարշաւայի մէջ Ազերպայճանի կազմակերպած հակահայ ցուցահանդէսը։  Լրասփիւռներէն մէկը հրապարակած է Արմինէ Տիգրանեանի յօդուածը, որ կը դատապարտէ Ազերպայճանի հայկական ժառանգութեան իւրացման քաղաքականութիւնը եւ կը հրաւիրէ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը, որ գործնական քայլերու ձեռնարկէ այս ուղղութեամբ։ wakcji24.pl, portal-informacyjny.com կայքերը նոյնպէս անդրադարձած են սոյն նիւթին՝ ներկայացնելով Ա. Տիգրանեանի յօդուածը։

Արցախի մշակութային ժառանգութեան վիճակն ու փոփոխութիւնները ներկայացնող monumentwatch.org կայքը եւս մանրամասն անդրադարձած է «Ղարաբաղի աղուանական քրիստոնէական տաճարներ» ցուցահանդէսին, Ազերպայճանի՝ Արցախի քրիստոնէական ժառանգութիւնը իւրացնելու, պղծելու, աղուանականացնելու քաղաքականութեան՝ ընդգծելով, որ հոգեւոր-մշակութային արժէքներու պղծումով Ազերպայճան վնաս կը հասցնէ արցախահայերու՝ այդ արժէքներուն հետ հոգեւոր կապին։ 

Հարկ է նշել, թէ Արմինէ Տիգրանեան աշխատակիցն է monumentwatch.org կայքի «Ահազանգեր» բաժնի։