Արեւմտեան Ամերիկայի համահայկական խորհուրդը Լոս Անճըլըսի մէջ Ազերպայճանի հիւպատոսարանին առջեւ «համազգային 24-ժամեայ հացադուլ»-ի մասին ազդարարող մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպած է, որուն միացած են նաեւ ԱՄՆ-ու դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ։
«Ամերիկայի Ձայն»-ի հաղորդման համաձայն՝ ասուլիսի մասնակիցները ԱՄՆ-ու նախագահին կոչ ուղղած են գործնական քայլերու ձեռնարկելու՝ Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքը ապաշրջափակելու եւ Հայերուն դէմ երկրորդ ցեղասպանութիւնը կանխելու ուղղութեամբ։
Բանախօսները նաեւ պահանջած են Ազերպայճանը զրկել ԱՄՆ-ու տարեկան օգնութենէն եւ պատիժներ սահմանել Պաքուի նկատմամբ՝ մարդկային իրաւանց խախտումներու պատճառաւ։
Ասուլիսին մասնակցած եւ ելոյթ ունեցած են ծերակուտականներ Պրետ Շերմըն եւ Էտըմ Շիֆ։ Վերջինս X-ի իր հաշիւին գրած է.
«Ես Արցախի 120 հազար բնակիչներու եւ զանոնք պաշտպանող հայկական Սփիւռքի կողքին եմ։ Պէտք է վերջ տրուի Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի ապօրինի շրջափակման։ ԱՄՆ-ը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ըսած՝ «այլեւս երբե՛ք»։ Մենք՝ խոստումներէն աւելի՝ պէտք է գործե՛նք»։
Իր կարգին ծերակուտական Շերմըն եւս X-ի իր հաշիւին գրած է.
«Մենք կը հետեւինք օր ըստ օրէ պաշարուած Արցախի մէջ ահագնացող աղէտին։ Պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկենք Ալիեւի վարչակազմն ու դադրեցնենք ԱՄՆ-ու ռազմական օգնութիւնը Ազերպայճանին»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։