Search
Close this search box.

ԼՈՍ ԱՆՃԸԼԸՍ – «Օսքար»-ի արժանացած վաւերագրական ֆիլմին հայ հերոսը պատմած է Պաքուի ջարդերէն իր  փախուստին մասին

2024 Մարտ 10-ին տեղի ունեցած է «Օսքար»-ի մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը, որու ընթացքին մրցանակի արժանացած է բեմադիրներ Պեն Փրաուտֆութի եւ Քրիս Պաուըրզի «Վերանորոգման վերջին խանութը» (The Last Repair Shop), լաւագոյն վաւերագրական կարճ ժապաւէն (Oscar for Best Documentary Short) անուանակարգին մէջ։

Ֆիլմը կը պատմէ չորս նուիրեալ արհեստաւորի մասին, որոնք կ՚աշխատին Ամերիկայի ամէնէն հին արհեստանոցին մէջ եւ վերանորոգած են ուսանողներու աւելի քան 80.000 երաժշտական գործիքներ: Ժապաւէնին հերոսները կը խօսին իրենց աշխատանքին եւ ծանր ճակատագրերուն մասին:

Անոնցմէ մէկը՝ արհեստանոցի ղեկավար Սթիւ Բաղմանեանն է, որ դաշնամուր կը վերանորոգէ։ Ան կը պատմէ Պաքուի մէջ հայերու ջարդերուն եւ խորհրդային Ազերպայճանէն իր փախուստին մասին:

“Ես փոքր հայ տղայ մըն էի, կ՚ապրէի Պաքու։ Ծնողքս չէր կրնար պատկերացնել, որ կրնայ որեւէ գէշ բան պատահիլ, որովհետեւ մենք ունէինք ընկերներ, դրացիներ, որոնց հետ կողք-կողքի ապրած էինք այդքան տարի: Եւ ո՛չ ոք կը մտածէր, որ պատերազմ կը սկսի: 1986-1987 թուականներուն սկսան բոլոր Հայերը վռնտել Պաքուէն: 

Օր ըստ օրէ կեանքը կը դժուարանար: Մենք կը հաւաքուէինք միասին դուրսը, մեր շէնքերուն մօտ, խարոյկ կը վառէինք եւ ամբողջ գիշերը կը հսկէինք մեր տուներուն եւ տնեցիներուն վրայ։ Սակայն հետզհետէ մեր թիւը աւելի ու աւելի կը պակսէր, որովհետեւ մարդիկ կը վախնային ու կը մեկնէին: Հայրս լաւատես էր, կ՚ըսէր. «Սթիւ, ես ո՛չ մէկ տեղ կ՚երթամ, ես ոեւէ մէկուն վնաս չեմ հասցուցած: Մենք կ՚ապրինք Խորհրդային Միութեան մէջ եւ մեր կառավարութիւնը թոյլ չի տար, որ նման բան պատահի»: Ան խելացի էր, բայց սխալեցաւ: Իր աշխատատեղիին մէջ, մէկը ետեւէն մօտեցաւ եւ սպանեց զինք: Ես քսան տարեկան էի, պէտք էր մօրս հետ մեկնէի այնտեղէն: Հետեւաբար, ուղղակի փակեցինք դուռը, ամէն ինչ ձգեցինք հոն: Օդակայան հասնիլը դիւրին չէր, քանի որ հայու տեսք ունէինք ու մարդիկ կրնային փողոցը մեզ կեցնել ու վնաս հասցնել: Բայց իմ ազերպայճանցի ընկերները մեզ հասցուցին օդակայան”,– յուզուած կը պատմ Բաղմանեան։

Այնուհետեւ ան կը խօսի ԱՄՆ փոխադրուելնուն եւ հոն դաշնամուրով հրապուրուելուն մասին: