Search
Close this search box.

ԼՈՍ ԱՆՃԸԼԸՍ – 2024-ի «Աւրորա» մրցանակին արժանացած է գոնկոցի բժիշկ եւ իրաւապաշտպան Տընի Մուքվեկէ

Մայիս 10-ին, Լոս Անճըլըսի մէջ «Աւրորա» միջազգային մարդասիրական 8-րդ մրցանակը շնորհուած է Գոնկոյի Հանրապետութեան մէջ գործող իրաւապաշտպան, կնոջական հիւանդութիւններու բժիշկ Տընի Մուքվեկէին (Denis Mukwege):

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ դափնեկիրը իր երկրի «Փանզի» հիւանդանոցի եւ հիմնադրամի նախագահն է, զոր հիմնադրած է 1999-ին: Շարունակուող հակամարտութիւններու եւ պատերազմի ժամանակ հիւանդանոցը դարձած է աշխարհի մէջ սեռային բռնութեան ենթարկուածներու բուժման առաջատար կեդրոններէն մէկը:

Երեք ժամ տեւած փակ քննարկումէն ետք, «Աւրորա» մրցանակի ընտրական յանձնաժողովը հրապարակած է իր որոշումը՝ արժանին մատուցելով բժիշկ Մուքվեկէին, անոր խիզախ աշխատանքին եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան նուիրումին համար: 

Դափնեկիրը կը ստանայ մէկ միլիոն տոլար պարգեւ եւ նուիրատւութեան շղթան շարունակելու բացառիկ կարելիութիւն՝ աջակցելով համայնքային առաջնորդներուն, որոնք կ՚օգնեն կարիքի մէջ գտնուողներուն:

Նշենք, թէ Մուքվեկէ 2018-ին արժանացած է Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին։

Մրցանակի շնորհման արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունեցած է նշանաւոր ջութակահար Տիանա Ադամեան, մեկնաբանելով Կոմիտասի «Կռունկ» ստեղծագործութիւնը։ Ան իր կատարումը ձօնած է մերօրեայ վայրագութիւններէն տուժած մարդոց՝ յորդորելով իւրաքանչիւրին՝ յոյս ու աջակցութիւն ցուցաբերել անհրաժեշտ պահուն:

 

Ռուբէն Վարդանեանի՝ Պաքուի բանտէն յղած ուղերձը

«Աւրորա» նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան Պաքուի բանտէն ստորեւ տրուած ուղերձը յղած է «Աւրորա»-ի մասնակիցներուն, զոր կարդացած է կինը՝ Վերոնիքա Զոնապենտ, Երեւանէն տեսակապի միջոցով։

«2015 թուականին՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ, Վարդանը, Նուպարն ու ես, մտորելով թէ ինչպէս կարելի է նշել այդ ճակատագրական օրը, որոշեցինք որ պէտք չէ գոհանանք միայն յարգանքի տուրք մատուցելով ողբերգութեան զոհերու յիշատակին: Մենք կ՚ուզէինք մեր երախտագիտութիւնը յայտնել բոլոր անոնց, որոնք օգնած էին մեր մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն, փրկած էին կեանքեր:

Մենք կ՚ուզէինք փոխել հայկական պատումնաբանութիւնը (narratif)՝ զոհի կերպարէն ու անցեալի յիշողութենէն դէպի նոր՝ ապագային յոյսով նայելու հեռանկարի:

Մենք սկսանք այս նախաձեռնութիւնը՝ մեր ժողովուրդին անունով երախտագիտութիւն յայտնելու համար մերօրեայ հերոսներուն, մեծարելու զանոնք  եւ օգնելու որպէսզի շարունակեն իրենց դժուարին առաքելութիւնն ու բարի գործերը: Մենք կ՚երազինք, որ Երեւանը դառնար աշխարհի մարդասիրական մայրաքաղաքը եւ որ մենք միաւորուէինք՝ Ցեղասպանութեան հետեւանքով աշխարհով մէկ սփռուած հայկական սփիւռքին հետ, դառնալով միասնական ազգ։

«Աւրորա»-ի հետ մենք աշխարհի ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք մերօրեայ իրական հերոսներու վրայ, որոնք վտանգի կ՚ենթարկեն իրենց բարեկեցութիւնն ու կեանքը,  որոնք հաւատք ու ճանապարհ կը գտնեն ուրիշներուն օգնելու համար:

«Աւրորա»-ի շնորհիւ ես հանդիպեցայ մարդոց, որոնք ինծի սորվեցուցին ամենակարեւոր դասը՝ հաւատարիմ մնալ մարդկային արժէքներուն, սեփական սկզբունքներուն եւ շարունակել ճամբան, անկախ՝ իրավիճակէն։

Իմ՝ Արցախ փոխադրուելու որոշումը ես կայացուցի «Աւրորա»-ի հերոսներուն շնորհիւ. ես որոշեցի ըլլալ այն մարդոց կողքին, որոնք օգնութեան կարիք ունէին ու ես փորձեցի կարելի ամէն ինչ ընել՝ անոնց օգնելու համար: Հիմա գտնուելով հոս՝ արտաքին աշխարհէն գրեթէ ութ ամիսէ ի վեր ամբողջովին մեկուսացուած, ես խորհելու շատ ժամանակ ունիմ։

Ես ամենեւին չեմ զղջար այդ ճանապարհը ընտրած ըլլալուս համար։ Ես խորապէս երախտապարտ եմ ձեզի, որ զիս ներշնչեցիք ու ճիշդ գործի մղեցիք: Հիմա ես շատ աւելի լաւ կը հասկնում, թէ ինչն էր յառաջ մղողը Մարկրիթ Պարանքիցէն, Թոմ Քաթինան եւ «Աւրորա»-ի  միւս դափնեկիրները, եւ ինչու անոնք այդպէս կը հաւատան մէկ մարդու ուժին․ մարդու, որ կրնայ փոխել աշխարհը դէպի լաւը: Մենք պարզապէս չունինք այլընտրանք՝ բացի փորձելէ:

Ցաւօք, աշխարհը աւելի բարի չդարձաւ ձեր լաւ գործերուն շնորհիւ, բայց սա կը նշանակէ, թէ այն ինչ որ դուք կ՚ընէք, հիմա շատ աւելի կարեւոր է:

Ուրիշներին օգնելու ձեր յանձնառութիւնը ինծի ուժ կու տայ հոս: Ես հիմա, աւելի քան երբեք, համոզուած եմ, որ արժէքներն ու սկզբունքները աւելի կարեւոր են, քան նոյնիսկ կեանքը:

Ձեզի կը մաղթեմ յաջողութիւն ձեր առաքելութեան մէջ եւ իմ ջերմ շնորհաւորութիւնները կը յղեմ 2024-ի դափնեկիրին։ Վստահ եմ, որ միասին կրնանք շատ բան ընել՝ աշխարհը բոլորին համար աւելի լաւ եւ աւելի բարի վայր դարձնելու համար: Ինչպէս Մարկրիթ յաճախ կ՚ըսէ․ «Սէրը միշտ կը յաղթէ»։ Եւ թող սէրն ու արժէքները յաղթեն։ Բոլորս տանք աւելին, քան այն ինչ որ կը յուսանք ստանալ: Մեզմէ իւրաքանչիւրը իրականութեան մէջ կրնայ շատ բան փոխել»: