Search
Close this search box.

Լրատուական պղտոր ջուրեր, կամ՝ ինչպէս կ՚ապականեն լրահոսը

Հայաստանի մէջ յատկապէս վերջին շրջանին սաստկացած քաղաքական դաշտի պայքարը դարաշրջանիս ընձեռած անշրջանցելի ու էական միջոցներէն լրատուական ոլորտն ալ ընդգրկած է բնականաբար։ 

Քանի որ այնքան դիւրին դարձած է,– յատկապէս ընկերային ցանցերու միջոցով, բայց ոչ միայն,– լուրեր շրջանառութեան մէջ դնելը, հրապարակը ողողուած է սխալ, թերի կամ ուղղակի սուտ լուրերով ալ։

Այդ սխալ կամ դիտումնաւոր կերպով շրջանառութեան մէջ դրուած սուտ լուրերը երբեմն ուշադրութեան իսկ չեն արժանանար, բայց երբ կը վերաբերին մանաւանդ հայրենիքի համար ճակատագրական հարցերու, կրնան շատ լուրջ հետեւանքներ ունենալ։ Եւ այնպէս կը թուի, թէ այս օրերուն անպակաս է այդ տեսակի «լրատւութիւն»-ը։  

Այսպէս, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը Մայիս 25-ին հարկադրուած էր հերքումի իրերայաջորդ երկու յայտարարութիւն մէկէն հրապարակելու։ 

Անոնցմէ առաջինը կը վերաբերէր համացանցի վրայ տարածուած հրապարակումի մը, ըստ որուն իբրեւ թէ բանակի սպաները կը մերժեն կատարել Տաւուշի դիրքերէն ետ քաշուելու հրամանը։

«Համացանցում տարածւում է “Զինուորական սպաները հրաժարւում են կատարել Տաւուշի դիրքերից յետ քաշուելու հրամանը” վերտառութեամբ հրապարակումը, որն ամբողջովին՝ սկզբից մինչեւ վերջ, կեղծ է, յօրինուած եւ չի համապատասխանում իրականութեանը»,– կը յայտարարէր Նախարարութիւնը ու կոչ կ՚ընէր զերծ մնալու բանակի, բանակի ղեկավար կազմի, զինուորներու վերաբերեալ յօրինուած այլեւայլ պատմութիւններ հրապարակելէ, կեղծիք ու ապատեղեկատւութիւն տարածելէ եւ կը թելադրէր հիմք ընդունիլ բացառապէս գերատեսչութեան պաշտօնական հաղորդագրութիւններն ու յայտարարութիւնները։

Իսկ երկրորդ յայտարարութիւնը կը վերաբերէր շարք մը թերթերու մէջ լոյս տեսած «լուր»-ի մը, ըստ որուն «Էլէն Աղասեան անուն-ազգանունով կինը, ով ներկայանում է որպէս Պաշտպանութեան նախարարութեան աշխատակից, Բագրատ Սրբազանի հիւրանոցային սենեակում գաղտնալսող սարք տեղադրելու փորձ է կատարել»։

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս մասին ալ յայտարարած է, թէ երկրին բանակին մէջ Էլէն Աղասեան անուն-մականունով զինուոր չկայ: