Շաբաթ մը առաջ, հայկական ծագումով ռուսաստանցի թենիսի վարպետ Կարէն Խաչանովի եւ ռուս Անտրեյ Ռուպլովի միջեւ ԱՄՆ-ու Կլենտէյլ քաղաքի ՀՄԸՄ-Արարատի թենիսի ակումբին մէջ տեղի ունեցած բարեսիրական խաղին հասոյթը՝ աւելի քան 100.000 տոլար, ամբողջութեամբ կը տրամադրուի Արցախահայութեան։
Լուրը հաղորդած է հայազգի մարզիկը եւ շնորհակալութիւն յայտնած բոլոր անոնց որոնք մասնակցած են այս մարդասիրական ձեռնարկին։ «Շնորհակալութիւն իմ լաւ ընկեր Անտրեյ Ռուպլովին, որ ընդունեց, ՀՄԸՄ-Արարատի, իմ հովանաւորներ Wilson-ի ու Nike-ի առաջարկը։ Հայաստանին եւ Արցախի ժողովուրդին օգնելու իմ ճանապարհը տակաւին սկզբնական փուլին կը գտնուի, բայց կը յուսամ, որ նոյնիսկ այս փոքր քայլերը մօտ ապագային բարենպաստ փոփոխութիւններու կը յանգեցնեն»,– ըսած է Խաչանով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։