Յունուար 9-ին, բեմադիր, բեմագիր, արուեստագէտ Սերգեյ Փարաճանովի ծննդեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունեցած է վերջինիս արձանի բացման արարողութիւնը, որ հետագային պիտի տեղադրուի Շարժարուեստի տան դիմացը։ Արձանի քանդակագործն է Արա Ալեքեան։
Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած են վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար, Փարաճանովի 100-ամեակի յոբելինական յանձնաժողովի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, մշակոյթի բնագաւառի ներկայացուցիչներ։
Յարութիւնեան իր ելոյթին մասնաւորապէս նշած է, թէ մեծանուն արուեստագէտին յոբելեանը պիտի նշուի ոչ միայն Երեւանի, այլ նաեւ Հանրապետութեան զանազան մարզերու, Վրաստանի եւ Ֆրանսայի մէջ։
Բացման արարողութենէն ետք, ներկաները ծանօթացած են յոբելինական ձեռնարկներու շրջանակին մէջ կազմակերպուած Դաւիթ Գալստեանի «Ժոգոնտա. կերպարանափոխութիւն» խորագրեալ ցուցադրութեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։