Search
Close this search box.

Կ՚ընդունուին «Սփիւռքի երիտասարդ դեսպան» ծրագրին դիմումները

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը կը շարունակէ իրականացնել «Սփիւռքի երիտասարդ դեսպան» ծրագիրը («Սփիւռքի երիտասարդ առաջնորդներու վերապատրաստում»), որուն այս տարի կրնան մասնակցիլ ինչպէս համայնքին մէջ աշխուժ, այնպէս ալ իրենց գործունէութիւնը նոր սկսած 20-35 տարեկան սփիւռքահայ երիտասարդներ:  Ծրագիրը նպատակ ունի հնարաւորութիւն ընձեռել անոնց` ընդլայնելու իրենց պատկերացումները Հայաստանի քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ այլ խնդիրներու մասին, աջակցիլ համայնքային կեանքին մէջ անոնց առաւել ներգրաւման ու գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձացման` նոր գիտելիքներու, հմտութիւններու, գործնական նոր կապերու ձեռքբերման, փորձառութեան փոխանակման ճանապարհով, նպաստել Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարբեր համայնքներու երիտասարդներու միջեւ համագործակցութեան ձեւաւորման ու զարգացման:

Ծրագիրը մէկամեայ է. կ՚ընդգրկէ 2024 Սեպտեմբերէն մինչեւ 2025 Օգոստոս ինկած ժամանակահատուածը եւ կ՚ընթանայ երկու փուլով:  Հայաստանի մէջ կ՚իրականացուի 15-օրեայ դասընթացք` 2024 Սեպտեմբեր 22-էն Հոկտեմբեր 7, մնացեալ ժամանակաշրջանին իւրաքանչիւր մասնակից ծրագրով նախատեսուած աշխատանքներ կը կատարէ իր համայնքին մէջ:

Հայաստանեան դասընթացքի լեզուն հայերէնն է: Ան ունի տեսական եւ գործնական բնոյթ: Կը ներառէ դասախօսութիւններ, աշխատաժողովներ, հանդիպումներ, փորձառութեան փոխանակման աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ այցելութիւններ պետական, գիտակրթական, մշակութային, հոգեւոր կառոյցներ եւ յիշատակի վայրեր,  Հայաստանի մարզեր:

Կազմակերպիչները կ՚ապահովեն մասնակիցներու կեցութիւնը, սնունդը, տեղափոխումը ծրագրի հայաստանեան հատուածի ծիրէն ներս, մուտքը՝ նախատեսուած վայրեր ու հաստատութիւններ:

Ծրագիրը կ՚իրականացուի Հայաստանի կառավարութեան եւ «Ճինիշեան» յիշատակի հիմնադրամի գանձատրումով:

Ծրագրին կարելի է դիմել մինչեւ Մայիս 16` այցելելով հետեւեալ հասցէն` http://diaspora.gov.am/hy/programs/19/Diaspora-Youth-Ambassador:

Հարցումներ ունենալու պարագային անհրաժեշտ է կապ հաստատել diaspora.youthambassador@gov.am ելեկտրոնային կապի միջոցով կամ հեռաձայնել (+374) 10 515525 եւ (+374) 41879453 (WhatsApp, Viber, Telegram) թիւերուն: