Search
Close this search box.

Կարգը հասաւ Աշտարակ քաղաքին 

 

Ազերպայճանցիները զայն կը ներկայացնեն իբրեւ «օղուզ-թրքական ցեղերու հայրենիքը»

Մարդկա­յին իրա­ւանց պաշտպան Ար­ման Թա­թոյեան կը գրէ.

«Հա­յաս­տա­նի մէջ նոր Սահ­մա­նադ­րութիւն ըն­դունե­լու եւ օրէն­քը փո­խելու օրա­կար­գը Ազեր­պայճա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րուն անհրա­ժեշտ է՝ Ար­ցա­խահա­յու­թեան բռնի տե­ղահա­նու­մէն ու Հա­յաս­տա­նի տա­րածքնե­րու զաւ­թումէն, իր միւս յան­ցանքե­րէն ու­շադրու­թիւն շե­ղելու ու զա­նոնք օրի­նակա­նաց­նե­լու հա­մար։ Այս քօ­ղին տակ ան կը խո­րաց­նէ Հա­յաս­տա­նի նկատ­մամբ թշնա­ման­քի ծրա­գիրը, կը ստեղ­ծէ յար­ձակման ար­հեստա­կան հիմ­քեր։

Ազեր­պայճա­նի՝ իշ­խա­նական թե­ւին պատ­կա­նող հե­ռատե­սիլը, իր յա­ջոր­դա­կան հա­ղոր­դումը նուիրած է Հա­յաս­տա­նի Աշ­տա­րակ քա­ղաքին, որ ըստ իրենց՝ այսպէս կո­չուած, “Արեւմտեան Ազեր­պայճան”-ն է եւ օղուզ-թրքա­կան ցե­ղերու հայ­րե­նիքը՝ ան­յի­շելի ժա­մանակ­նե­րէ ի վեր։ Աշ­տա­րակի հետ միասին կ՚իւ­րա­ցուին նաեւ այդ տա­րած­քին մէջ գտնուող Հա­յոց վա­նական հա­մալիր­ներն ու եկե­ղեցի­ները՝ նշե­լով, որ իբ­րեւ թէ անոնք 5-րդ դա­րու թուրք-աղուանա­կան յու­շարձան­ներ են։

Իբ­րեւ թէ Հա­յերը այնտեղ բնա­կեցուած են 1828-ին Ռու­սա­կան կայսրու­թեան կող­մէ՝ ռուս-թրքա­կան պա­տերազ­մէն ետք։

Իրա­կանու­թեան մէջ այս ծրա­գիրը յատ­կա­պէս մշա­կուած պե­տական քա­ղաքա­կանու­թիւն է, որ կ՚իրա­կանա­ցուի թէ՛ ներ­քին, թէ՛ ար­տա­քին քա­րոզ­չութեամբ։

Անհրա­ժեշտ է բա­ցայայ­տել ազեր­պայճա­նական կեղծ տուեալ­նե­րը եւ ցոյց տալ, որ Պա­քուի իշ­խա­նու­թիւնը խա­ղաղու­թեան մտադ­րութիւն չու­նի։ Որե­ւէ պա­րագա­յի կա­րելի չէ թոյլ տալ, որ անոնք թե­լադ­րեն իրենց օրա­կարգն ու օրի­նակա­նաց­նեն իրենց յան­ցանքնե­րը եւ զու­գա­հեռ նա­խապատ­րաստուին նոր յան­ցանքներու»։