Search
Close this search box.

Կարմիր Խաչի մարդասիրական բեռները երկու ճամբաներով արդէն հասած են Ստեփանակերտ

 

Սեպտեմբեր 18-ին, «Արցախփրէս»-ի հետ զրոյցին, Կարմիր Խաչի Ստեփանակերտի գրասենեակի հանրութեան հետ կապերու պատասխանատու Էթերի Մուսաէլեան տեղեկացուցած է, թէ Ակնայ–Ասկերան ճամբով եւ Բերձորի միջանցքով Կարմիր խաչին կողմէ ուղարկուած բեռնակառքերը հասած են Ստեփանակերտ:

«Բեռները տեղ հասած են միաժամանակ երկու ճամբաներով: Բեռնատար կառքերէն մէկը դեղեր եւ մանուկներուն անհրաժեշտ պիտոյքներ բերած է, իսկ Բերձորի միջանցքով եկած բեռնակառքը` ալիւր»,– ըսած է ան, յոյս յայտնելով, որ մարդասիրական օգնութիւնը շարունակական բնոյթ կը կրէ, որպէսզի բնակչութեան պահանջները ապահովուին։