Search
Close this search box.

Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները արձանագրուած են ԻՒՆԷՍՔՕ-ի աշխարհի յիշողութեան միջազգային տոմարին մէջ

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գործադիր խորհուրդի միաձայն որոշումով Կոմիտաս վարդապետի ստեղծագործութիւնները արձանագրուած են Կազմակերպութեան աշխարհի յիշողութեան միջազգային տոմարին մէջ:  

Յունուար 29-ին լուրը հաղորդած է Կոմիտասի թանգարանի տնօրէն Նիկոլայ Կոստանդեան՝ նշելով, թէ այս իրադարձութիւնը կը համընկնի թանգարանի հիմնադրման 9-ամեակին հետ:

“Այս ընդգծելի արձանագրութիւնը կարելի եղած է թանգարանի, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարզանքի (ԿԳՄՄ) եւ Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարութեանց հետ 7-8 տարի մեծ աշխատանքի և համագործակցութեան շնորհիւ”,– ըսած է ան:

Իր կարգին, ԿԳՄՄ նախարար Ժաննա Անդրէասեան նշած է, որ նման հոլովոյթները կը պահանջեն մնայուն եւ հետեւողական աշխատանք՝ տարբեր գերատեսչութիւններու ընդգրկումով: 

Նախարարուհին ընդգծելով նորագոյն արհեստագիտութեանց կիրարկման կարեւորութիւնը, յայտնած է, թէ շատ ուրախալի է, որ Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկը կը միանայ այն թանգարաններուն, որոնք օգտագործելով նոր արհեստագիտութիւնները՝ կարելիութիւն կ՚ընձեռեն այցելուներուն, յատկապէս երեխաներուն, նոր ձեւով բացայայտելու Կոմիտասի աշխատասենեակը:

ԱԳ փոխնախարար Վահան Կոստանեան հաղորդած է, թէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի յիշողութեան տոմարին մէջ արձանագրուած են բացառիկ արժէք ներկայացնող փաստագրական նմուշներ: Սոյն ծրագրին նպատակն է կանխել աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող արխիւներու, գրադարաններու եւ արժէքաւոր հաւաքածոներու կորուստը եւ նպաստել անոնց պահպանման ու տարածման: