«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումի Մայիս 4-ին մեկնարկած երթը Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակ հասաւ Մայիս 9-ին։ Բագրատ սրբազան խօսք առնելով պահանջեց վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը։ Հաւաքուած բազմահազար բազմութիւնը կը յիշեցնէր 2018-ի Նիկոլ Փաշինեանի Թաւշեայ յեղափոխութիւնը, միայն այն տարբերութեամբ որ այն ժամանակ ժողովրդային ընդվզումը կաշառակերութեան եւ խարդախուած ընտրութիւններու դէմ էր, իսկ ներկայի ընդվզման պատճառն է ազերական սպառնալիքին դիմաց հայութեան խոցուած ազգային արժանապատւութիւնը։
Սրբազան հօր պահանջը շատ լուրջ հարցականներ կը ստեղծէ։ Անտեսելէ զատ հայկական բանակի դիմադրականութեան կարողութիւնը, Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի կողմէ՝ Հայաստանի պաշտպանութեան երաշխիքներու բացակայութիւնը, ան նաեւ կը թերագնահատէ թուրքեւազերական ռազմական հզօրութիւնը։ «Հայ, Հայաստան, հայրենիք, Աստուած» լոզունգը, որ տեսանելի էր Հանրապետութեան հրապարակի տաղաւարին վրայ՝ ինքնութենական, հայրենասիրական, կրօնական անկապակից բառերով, կ՚ապացուցէ լուրջ քաղաքական ծրագրի բացակայութիւնը։ Միջազգային բարդ պատերազմական իրավիճակի մէջ, հայատեաց ու մինչեւ ատամները զինուած ազերիներու դիմաց զինամը-թերքի մատակարարման երթուղիներ գտնելու խրթին խնդիրներու դէմ-յանդիման գտնուող կառավարութեան հրաժարականը պահանջելը՝ ոսկէ սկուտեղի վրայ հրամցուած անսպասելի նուէր է Ալիեւին, նոր պատերազմ սկսելու եւ Հայաստանի համար անհաշուելի ծանր հետեւանքներ ունեցող արկածախնդրութիւն՝ դարձեալ Ռուսաստանի միջամտութեան դիմելու հարկադրանքով։
Երթի կազմակերպութեան աշխատանքին մէջ Սրբազանին օգնեց «Հայաստան» խորհրդարանական խմբակցութեան երեսփոխան ու Տաւուշի ՀՅԴ մարզային կոմիտէի նախագահ Գառնիկ Դանիէլեան։ 2018-էն ի վեր նախկին վարչակարգի ղեկավարները բնաւ չեն թաքցուցած իշխանութիւնը վերագրաւելու իրենց ախորժակը։ Տաւուշի չորս գիւղերու սահմանազատման առթիւ գիւղացիներուն արդար մտահոգութիւններէն սկիզբ առած Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի առաջնորդութեամբ հակակառավարական շարժումը որքան մօտեցաւ Երեւան՝ այնքան ակներեւ դարձաւ անոր ետին կանգնած քաղաքական ուժերու ներկայութիւնը։ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» երթին միանալու բազմաթիւ կոչեր եղան Ամենայն հայոց կաթողիկոսէն սկսած մինչեւ բարձրաստիճան եկեղեցականներ ու Սփիւռքի եկեղեցական համայնքներ, կառավարութեան ընդդիմացող կուսակցութիւններէն մինչեւ հասարակական կազմակերպութիւններ։
Բագրատ սրբազանի այս նախաձեռնութեամբ Հայ առաքելական եկեղեցին կը յայտնուի հոգեւոր մշակոյթի սնանկութեան լուրջ խնդիրի առջեւ։ Քրիստոնէական կրօնական կցկտուր քանի մը սկզբունքներու յղումները, ինչպէս՝ «Հաշտութեան, խաղաղութեան երթ», «Ինքնամաքրուելու երթ». «Մենք տիրոջ ձեռքին մէջ գործիքներ ենք. մարդու հետ մի կապէք ոչ մի բան» եւ այլն լոզունգները բնաւ չեն ծածկեր բարձրաստիճան եկեղեցականին ետին կանգնած քաղաքական ուժերու ներկայութիւնը, իշխանութիւնը տապալելու ծրագիրը եւ հոգեւոր պատգամի բացակայութիւնը։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։