Կիրակի, Ապրիլ 21-ին, հալէպահայութիւնը միասնական շարքերով, ժողովրդային ջահերթով ոգեկոչած է Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը եւ մէկէ աւելի սերունդներ, յատկապէս երիտասարդական միութիւններ ներկայացնող խումբերով քալած է Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանէն դէպի Ազգ. գերեզմանատուն՝ իր յարգանքը մատուցելով Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն եւ յիշելու, պահանջելու իր ուխտը վերանորոգելով։
Ջահերթը Սուրիոյ եւ Հայաստանի հանրապետութեանց զոյգ դրօշներով առաջնորդած է ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբը եւ գեղեզմանատան մուտքին հնչեցուցած է երկու երկիրներու փառերգերը։
Գերեզմանատան սեմին զետեղուած են 1915-ին նահատակուած մտաւորականներու պատկերները, սերունդներու յիշողութեան մէջ վառ պահելու հայ նահատակներուն արեան կանչը։
Տեղւոյն վրայ կազմակերպիչ մարմինին կողմէ խօսք առած են՝ Յակոբ Շահինեան (հայերէն) եւ Յարութ Սումպուլեան (արաբերէն)։ Գեղարուեստական կարճ յայտագիրէ մը ետք օրուան պատգամը հաղորդած է Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդը։
Այնուհետեւ Ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող յուշաքարին առջեւ զետեղուած են ծաղկեպսակներ, ապա հայ հոգեւոր պետերը եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները միասնաբար բոցավառած են յուշաքարին մօտ գտնուող Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը խորհրդանշող ջահը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։