Search
Close this search box.

ՀԱԼԷՊ – Մեծարանքի հաւաք՝ ի պատիւ գնդապետ Արկադի Տօնոյեանի

Ապրիլ 6-ի կէսօրին, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը (ՍՕԽ) «Գոհարիկ Համալեան» սրահին մէջ մեծարանքի ու ողջերթի հաւաք մը կազմակերպած է ի պատիւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան խումբի գնդապետ Արկադի Տօնոյեանի:

Յանուն ՍՕԽ-ի շրջ. վարչութեան հաւաքին բացումը կատարած է ատենապետուհի Զեփիւռ Գէորգեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է մարդասիրական առաքելութեան ճամբով գնդապետին բերած մեծ ներդրումին եւ յաջողութիւն մաղթած անոր ապագայ աշխատանքին: Այնուհետեւ ատենապետուհին ՍՕԽ-ի կողմէ յուշանուէր մը յանձնած է մեծարեալին։

Վերջինս, իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է ներկաներուն՝ խոստանալով նոր աւիւնով շարունակել իր պարտականութիւնները: