Search
Close this search box.

Հակառակ Համասի դէմ պատերազմին՝ Իսրայէլ կը շարունակէ  զէնք մատակարարել Ազերպայճանին

Հակառակ Համասի դէմ մղած բուռն պատերազմին՝ Իսրայէլ կը շարունակէ զէնք ու զինամթերք մատակարարել Ազերպայճանին։

Այս մասին կը վկայէ օդային երթեւեկի առկից քարտէսը, ուրկէ կը պարզուի, թէ Հոկտեմբեր 13-ին, ազերպայճանական Silkway օդային ընկերութեան IL-76 տիպի ռազմական փոխադրատար օդանաւ մը Իսրայէլէն Ազերպայճան նոր թռիչք մը կատարած է, կամ աւելի յստակ ըլլալու համար՝ նոր զէնք ու զինամթերք փոխադրած է։ ■