Search
Close this search box.

Հաճիեւի համաձայն՝ Արցախ հասած օգնութիւնը կ՚ապացուցէ, որ «չկայ շրջափակում»

Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ եւս հաստատած է, թէ Սեպտեմբեր 18-ի առաւօտեան Կարմիր խաչի բեռնակառքերը միաժամանակ Բերձորի եւ Ակնայի ճամբաներով մուտք գործած են Արցախ։

«Աղդամ-Խանքենտի (Ակնայ–Ստեփանակերտ) ճամբան բաց է, կը գործէ եւ պէտք է այդպէս ըլլայ: Սա Ազերպայճանի արդար, սկզբունքային, օրինական եւ անբեկանելի դիրքորոշումն է»,– X-ի իր էջին գրած է Հաճիեւ՝ լկտիաբար պնդելով, թէ «ամբողջ միջազգային հանրութիւնը անգամ մը եւս ականատես եղաւ, որ չկայ այսպէս կոչուած ՝շրջափակում»: