Search
Close this search box.

Հաճիզատէ. «Երեւանի մէջ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնները չեն նպաստեր խաղաղութեան»

 

«Շրջափակման եւ բռնի տեղահանուածներու մասին Երեւանի մէջ կատարած Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Գաթրին Գոլոնայի յայտարարութիւնները չեն նպաստեր խաղաղութեան», X-ի իր էջին գրած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Այխան Հաճիզատէ։

«Անոր (Գոլոնայի) յայտարարութիւնները, թէ՝ “Ֆրանսա միշտ Հայաստանի կողքին է” վերջնապէս վար առին Ֆրանսայի՝ բարեխիղճ եւ չէզոք միջնորդ ըլլալու դիմակը»,– գրած է ան։