Հայաստան կը գնէ Փարիզի 16-րդ թաղամասը գտնուող Ֆրանսայի 5-րդ Հանրապետութեան 3-րդ նախագահ Վալերի Ժիսքար տ՝Էսթենի պատկանող շէնքը՝ Հայաստանի դեսպանատունը հոն փոխադրելու նպատակով։ Այս հարցը Հայաստանի կառավարութեան Փետրուար 15-ի նիստի օրակարգին արձանագրուած էր։
«Առաջարկուող կառոյցը պատմական արժէք ունի, նկատի ունենալով որ 1956 թուականէն ի վեր ան կը պատկանի Ֆրանսայի նախագահ Վալերի Ժիսքար տ՝Էսթենին։ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան վարած երկար բանակցութիւններէն ետք դիմացի կողմը համաձայնած է զայն վաճառելու 23 միլիոն եւրոյի դիմաց, մինչդեռ շինութեան իրական արժէքը զգալիօրէն կը գերազանցէ այդ գումարը:
Ըստ կողմերու միջեւ գոյացած համաձայնութեան՝ ստորագրութեան պահուն հայկական կողմը, ըստ գործող ընթացակարգի, պէտք է վճարէ ընդհանուր գումարին 10 տոկոսը»,– նշուած է ծրագրի հիմնաւորման մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։