Մայիս 30-Յունիս 1 Հայաստան առաջին անգամ կը մասնակցի Փարիզի հեղինակաւոր Ֆիլեքս դրոշմաթուղթերու երկամեայ տօնավաճառին՝ որպէս այս տարուան պատուոյ հիւր։
Ֆրանսական թղթատար ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած այս տօնավաճառի շրջանակին մէջ Հայփոստ ընկերութիւնը կը ներկայանայ առանձին տաղաւարով՝ ցուցադրելով Հայաստանի տեսարժան վայրերը եւ հայոց այբուբենը պատկերող հայկական դրոշմաթուղթերու լաւագոյն նմուշներն ու հաւաքածոները։
Տօնավաճառի շրջանակին մէջ, գեղաթերթիկներու եւ դրոշմաթուղթերու ներկայացման հանդիսաւոր արարողութիւններու միջոցով կը մեծարուի նաեւ հայազգի երեք մեծ դէմքերու՝ Դիմադրութեան շարժումի առաջնորդ Միսաք Մանուշեանի, աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի եւ անուանի երաժիշտ Միշէլ Լըկռանի յիշատակը։ Անոնց նուիրուած գեղաթերթիկներն ու դրոշմաթուղթերը թողարկուած էին տարւոյս նախորդ քանի մը ամիսներու ընթացքին Ֆրանսական թղթատար ընկերութեան կողմէ՝ անոնց յոբելեաններու նշումի տարբեր առիթներով։
Ֆիլեքս տօնավաճառի շրջանակին մէջ Հայաստանի մասնակցութիւնը կարելի դարձած է Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ Ֆրանսական թղթատարին ու Հայփոստի սերտ համագործակցութեան շնորհիւ: Մայիս 30-ին, տօնավաճառի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ կը գտնուին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան եւ Հայփոստի տնօրէն Արայիկ Աբրահամեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։