Search
Close this search box.

Հայաստանեան եպիսկոպոսներու եւ թեմակալ առաջնորդներու ժողով՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ

Մայիս 23-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածի մէջ, նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի, տեղի ունեցած է հայաստանեան եպիսկոպոսներու եւ թեմակալ առաջնորդներու ժողով։

Ժողովի օրակարգին ընդգրկուած նիւթերը կը վերաբերէին հայրենիքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, հասարակութիւնը յուզող հիմնախնդիրներուն եւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան առնչուած հարցերուն։

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ վերջին օրերուն Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ Հայ եկեղեցւոյ հասցէին հնչեցուող մեղադրանքներուն, որոնց կապակցութեամբ ժողովը հանդէս եկած է ստորեւ տրուած յայտարարութեամբ.

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

«Հայաստանի իշխանութեան տարբեր ներկայացուցիչներ, այդ թւում վարչապետը, Տաւուշում սահմանազատման ու սահմանագծման անուան ներքոյ կատարուող տարածքային միակողմանի զիջումների դէմ հանրային ընդվզման այս օրերին, վերստին սկսել են թիրախաւորել Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցին՝ հրապարակ նետելով տարատեսակ կեղծ յայտարարութիւններ եւ ճշմարտազուրկ տեսութիւններ՝ առնչուած Եկեղեցու պատմական առաքելութեան ու ներկայ գործունէութեան։ 

Առաւել քան զարմանալի է, որ մերկապարանոց մեղադրանքներ են հնչեցւում Եկեղեցու կողմից հարկեր չվճարելու առնչութեամբ, երբ պաշտօնական վիճակագրութիւնները ուղղակի փաստում են Հայաստանի օրէնքով սահմանուած հարկային պարտաւորութիւնների կատարման մասին։ Յատկապէս դատապարտելի է, երբ կառավարութեան ղեկավարը անհիմն մեղսագրումներով եւ անսքօղ դիտաւորութեամբ Հայ եկեղեցուն ամբաստանում է ինչպէս անցեալում, այնպէս եւ այսօր “ազդեցութեան գործակալ” լինելու մէջ։

Ցաւ ենք արտայայտում, որ գործող իշխանութիւնները Եկեղեցի-Պետութիւն յարաբերութիւններում առկայ խնդիրները արծարծում են անվայելուչ իրենց հանգամանքին, նաեւ սպառնալիքների, ճնշումների եւ ապատեղեկատւութեան գործիքակազմերի օգտագործմամբ։ Հարկ է, որ Հայաստանի իշխանութեան ներկայացուցիչները ազգի եւ հայրենիքի առջեւ իրենց պատասխանատւութեան գիտակցութեամբ անդրադառնան Եկեղեցու պատմական հայրենաշէն ու ազգապահպան դերակատարութեան, ինչը ամրագրուած է նաեւ Հայաստանի Սահմանադրութեամբ եւ վերատեսութեան ենթարկեն որդեգրած քաղաքականութիւնը։ Աղօթում ենք, որ Աստուած խաղաղութիւն պարգեւի մեր հայրենիքին, բարօրութիւն ու ապահովութիւն մեր ժողովրդին»։