Մարտ 15-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու հանձնաժողովի նիստին վստահեցուցած է, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները Տաւուշի մարզէն գիւղեր յանձնելու մասին չեն բանակցիր Ազերպայճանի հետ:
“Հայաստանի Հանրապետութեան ոեւէ պաշտօնատար իրաւունք չունի վարելու որեւէ բանակցութիւն՝ ո՛չ միայն Տաւուշի մարզի, այլ նաեւ երկրի որեւէ այլ մարզի որեւէ գիւղ ոեւէ մէկուն յանձնելու մասին: Ոեւէ մէկը չի կրնար Տաւուշի մարզէն գիւղեր յանձնել որեւէ այլ երկրի”,– շեշտած է նախարարը:
Ան ընդգծած է, թէ սա բացայայտ ճշմարտութիւն է, որուն երաշխաւորման համար նախատեսուած են իրաւական գործիքակազմեր:
***
Նոյն նիստին անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրին, Արարատ Միրզոյեան յայտնած է, թէ «Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին շուրջ սկզբունքային հարցերու կապակցութեամբ առայժմ շատ շօշափելի արդիւնքներ չկան։ Մենք տակաւին կը շարունակենք բանակութիւնները»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։