Search
Close this search box.

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը՝ Պաքուի Հայութեան ջարդերու մասին

Յունուար 15-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը X ընկերային ցանցի իր հաշիւին հրապարակած հաղորդագրութեամբ անդրադարձած է 34 տարի առաջ այս օրերուն Պաքուի մէջ Հայերու դէմ կատարուած ջարդերուն ու նշած, թէ անոնք հանդիսացած են ազերպայճանական Խորհ. Հանրապետութենէն հայ բնակչութեան բռնի տեղահանման եւ ցեղային զտումներու քաղաքականութեան գագաթնակէտը, որոնց հետեւանքով հարիւրաւոր մարդիկ սպանուած, անդամահատուած եւ անհետացած են, կէս միլիոն հոգի ալ գաղթական դարձած է:

«Մենք յարգանքի տուրք ենք մատուցում անմեղ զոհերի յիշատակին ու շեշտում նման քաղաքականութեան կանխարգելման հրամայականը եւ բոլոր իրաւունքների հասցէագրման անհրաժեշտութիւնը»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: