Search
Close this search box.

Հայաստանի մէջ կայանալիք Հայ-ամերիկեան ռազմափորձերուն կը մասնակցին 85 ամերիկացի  ու 175 հայաստանցի զինուորականներ

 

Սեպտեմբեր 11-20 Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք «ԱՐԾԻՒ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐ-2023» հայ-ամերիկեան միատեղ ռազմափորձերուն կը մասնակցին 85 ամերիկացի ու 175 հայաստանցի զինուորականներ։ Սոյն տեղեկութիւնը «Reuters» լրատու գործակալութեան հաղորդած է Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը։

Վերջինս աւելցուցած է, թէ ամերիկացի զինուորականներու կազմին մէջ ներառուած պիտի ըլլան նաեւ Քանսասի Ազգային պահակազօրքը, որ արդէն 20 տարիէ ի վեր կը համագործակցի Հայաստանի հետ։ Ռազմափորձերու ընթացքին ամերիկացի զինուորականները պիտի գործածեն հրացանաձգային զինատեսակներ, բայց ոչ՝ ծանր զինամթերք։ ■