Շառլ Ազնաւուր 2017-ին մրցանակ կը ստանայ Իսրայէլի այն ժամանակուան նախագահ Ռուվեն Ռիվլինէն (Նկար՝ Ազնաւուր հիմնադրամի)
Ազնաւուրի արուեստը սիրողներն ու մօտէն հետեւողները անպայման ծանօթ են անոր «La Yiddishe Mama» յուզիչ երգին, ինչպէս նաեւ «Hava Nagila»-ի ոգեւոր զուգերգին ալժերացի հրեայ երգիչ Էնրիքօ Մասիասի հետ: 1967-ին Ազնաւուր նաեւ ձայնագրած է «Yerushalaim» երգը՝ որպէս պանծացում Իսրայէլի՝ վեցօրեայ պատերազմին անոր տարած յաղթանակին առթիւ։
2024 Մայիս 22-ին պիտի նշուի Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակը։ Այդ առիթով նախատեսուած են բազմաթիւ ձեռնարկներ։ Թէեւ Սեպտեմբերին Արցախի վրայ Ազերպայճանի գործած վերջին յարձակումը եւ անոր յաջորդած ծանօթ ողբերգական զարգացումները դժուար իրադրութիւն մը ստեղծած ըլլալով՝ դժուարացած է նախատեսուած ծրագրերու իրագործումը, բայց եւ այնպէս առասպելական երգիչին երկրպագուները յոյս ունին, որ Երեւանի մէջ բացումը պիտի կատարուի այն մեծ թանգարանին եւ մշակութային կեդրոնին, որ պիտի յարգէ Ազնաւուրի կեանքի տարբեր ծալքերը, ներառեալ Իսրայէլի եւ Հրեաներու հետ ունեցած անոր ջերմ կապերը։
“Մենք սկսանք աշխատիլ այս գաղափարին վրայ, երբ հայրս դեռ մեր միջեւ էր”,– ըսած է անոր 46-ամեայ որդին՝ Նիքոլա Ազնաւուր, որ նաեւ «Ազնաւուր» հիմնադրամի համահիմնադիրն է: “Ինք անձամբ ձայնագրեց ուղեցոյցը, ուստի ինքն է իր սեփական պատմութիւնը պատմողը”,– բացատրած է ան:
Նախատեսուած է Ազնաւուրի տուն-թանգարանի յարկին տակ ստեղծել յատուկ բաժին մը նուիրուած՝ Հրեաներու եւ Իսրայէլի հետ աշխարհահռչակ երգիչին առանձնայատուկ կապերուն։
Նշենք, որ Ազնաւուր ծնած ու մեծցած ըլլալով այն ատեն մեծ թիւով հրեայ բնակիչներ ունեցող փարիզեան թաղամասերու մէջ, միշտ ալ ինքզինք մօտիկ զգացած է Հրեաներուն։ Անոր ծնողները Համաշխարհային Բ. պատերազմին նացիական հալածանքէն փրկած են Հրեաներ, որուն համար ալ ընդգրկուած են «Արդար»-ներու ցանկին մէջ։ Նոյն այդ պատճառով ալ 2017-ին Իսրայէլի նախագահ Ռուվեն Ռիվլին Ազնաւուրին անձամբ յանձնելով յատուկ մրցանակ մը, պատուած է անոր ընտանիքին յիշատակը։
***
Սակայն, Ազնաւուր երբեք կուրօրէն չէ արտայայտած Հրեաներու եւ Իսրայէլի նկատմամբ իր այդ սէրը, եւ ի պահանջել հարկին քննադատած ալ է Իսրայէլը, օրինակ երբ այդ երկիրը մերժեց պաշտօնապէս ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Կայ նաեւ յատկապէս վերջին տարիներուն ի յայտ եկած Ազերպայճան-Իսրայէլ սերտ գործակցութեան երեւոյթը, ի վնաս Հայաստանի, ինչ որ որոշ վերապահութիւններ կրնայ յարուցել վերոնշեալ ծրագրին նկատմամբ։
“Կը կարծեմ, որ սա բարդ իրավիճակ է”,– կը բացատրէ Նիքոլա Ազնաւուր,– շարունակելով. “Մենք ունինք ընկերներ, որոնք լիովին կ՚աջակցին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման։ Բայց կայ աւելին, քան՝ թրքական հակազդեցութեան գործօնը, որ քաղաքական իրականութիւնն է, ուր Իսրայէլի շահերը կը համապատասխանեն Ազերպայճանի շահերուն”: Սակայն, Նիքոլա Ազնաւուր կը զգուշացնէ. “Երկար ժամանակի վրայ սխալ ռազմավարութիւն է այդ, քանի որ բռնապետութիւններու հետ գործակցիլը նման է մէկ ոտքը գերեզման դնելու”:
***
Աւարտելէ առաջ կատարենք նաեւ հետեւեալ յստակացումը. մասամբ որոշ լրասփիւռներու ալ սխալ բնորոշման հետեւանքով՝ շատեր «Ազնաւուրի տուն-թանգարան» կ՚անուանեն Երեւանի Կասկադի բարձունքին գտնուող այն կառոյցը, որ իրականութեան մէջ «Ազնաւուր հիմնադրամ»-ի կեդրոնն է միայն եւ ոչ՝ տուն-թանգարան մը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։