Search
Close this search box.

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ բացուած է «Ինքնութեան մասունքներ կորուսեալ Գարդմանէն, Շիրվանէն եւ Նախիջեւանէն» խորագրով ցուցահանդէսը

 

Դեկտեմբեր 19-ին, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ բացուած է «Ինքնութեան մասունքներ կորուսեալ Գարդմանէն, Շիրվանէն եւ Նախիջեւանէն» խորագրեալ առժամեայ ցուցահանդէսը՝ նուիրուած պատմական Հայաստանի կորուսեալ տարածքներու հայկական մշակութային ժառանգութեան։

Բացման արարողութեան ներկայ եղած են Կրթութեան, գիտութեան մշակոյթի եւ մարզանքի փոխնախարարներ Ալֆրետ Քոչարեան, Արթուր Մարտիրոսեան, Դանիէլ Դանիէլեան, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողովի երեսփոխաններ, պաշտօնական անձեր, մշակութային գործիչներ եւ արուեստասէրներ:

Ցուցադրութեան ներկայացուած է Նախիջեւանի, Գարդմանի եւ Շիրվանի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը փաստող մեծարժէք ընտրանի, ներառեալ՝ պատմական քարտէսներ, միջնադարեան կոթողներ, գորգեր, զարդեր, լուսանկարներ։ Ցուցահանդէսին նպատակն է ներկայացուած նմուշներու միջոցով լայն հասարակութիւնը անգամ մը եւս իրազեկ դարձնել իր հայրենի բնօրրանին մէջ հայ ժողովուրդի ստեղծած ինքնատիպ մշակոյթին եւ անոր սպառնացող վտանգներուն մասին։

Նշենք, թէ ցուցադրութիւնը կազմակերպուած է Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի եւ «Գարդման-Շիրվան-Նախիջեւան» համահայկական նորաստեղծ միութեան համագործակցութեամբ։