Search
Close this search box.

Հայաստանի վարչապետը՝ «Յաղթանակ» հանրապարտէզ այցելած է, Արցախի նախագահը՝ Եռաբլուր

Մայիս 9-ին, «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն այցելած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան՝ յարգանքի տուրք մատուցելու յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան նահատակուած հայորդիներու յիշատակին:

Անոր ուղեկցած են Արցախի կառավարութեան անդամներ, Արցախի Ազգային ժողովի երեսփոխաններ, հոգեւորականներ՝ Արցախի թեմի առաջնորդ  Տէր Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան, Դադիվանքի վանահայր, «Եռաբլուր»-ի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ քահանայ Յովհաննէս Յովհաննիսեան։

«Եռաբլուր»-ի մէջ հնչած է տէրունական աղօթք:

Նոյն օրը Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը, Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, այցելած է «Յաղթանակ» հանրապարտէզ, ծաղիկներ զետեղած Անծանօթ զինուորի յուշարձանին ու յարգանքի տուրք մատուցած ֆաշականութեան դէմ մղուած պայքարին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան, անկախութեան, ինքնիշխանութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած նահատակներու յիշատակին: