Search
Close this search box.

Հայաստանի վարչապետին Դանիա այցելութիւնը

Մայիս 14-ին, Դանիոյ մայրաքաղաք Գոփընհակըն գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է իր պաշտօնակից Մեթթէ Ֆրետերիքսէնի հետ։ Կողմերը քննարկած են Հայաստան-Դանիա համագործակցութեան առնչուող հարցեր։ 

Դանիոյ վարչապետուհին ողջունած է Փաշինեանը եւ ընդգծած իր գլխաւորած կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ զարգացնելու եւ ընդլայնելու փոխադարձ գործակցութիւնը Հայաստանի հետ: 

Նոյն օրը Փաշինեան մասնակցած է «Գոփընհակընի ժողովրդավարութեան համաժողով»-ին եւ այդ շրջանակին մէջ «Առաջնագիծէն․ Հայաստանի ժողովրդավարութեան պաշտպանութիւնը» (“From the frontline: Armenia’s defence of democracy”) նիւթով քննարկումին։

«Հասած է պահը Ազերպայճանի հետ գոյացած համաձայնութիւնները ներառելու խաղաղութեան պայմանագրին մէջ եւ ստորագրելու զայն»

Համաժողովին ունեցած իր ելոյթին Հայաստանի վարչապետը յայտարարած է, թէ «հասած է պահը Ազերպայճանի հետ գոյացած համաձայնութիւնները ներառելու խաղաղութեան պայմանագրին մէջ եւ ստորագրել զայն»՝ ընդգծելով, որ հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն Հայաստան կը հաւատայ, թէ ժողովրդավարութեան իրական ուղեկիցը յարատեւ եւ կայուն խաղաղութիւնն է: “Իմ կառավարութիւնը այդ ուղղութեամբ ստանձնած է իր պատասխանատւութեան բաժինը: Վերջերս մենք Ազերպայճանի հետ համաձայնեցանք սկսիլ մեր միջպետական սահմաններու զատումը 1991-ի Ալմաթիի հռչակագրի հիման վրայ։ Այդ կը  նշանակէ, որ սահմանի զատման ընթացքին մենք ուղղակի պէտք է վերարտադրենք Խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Ազերպայճանի միջեւ վարչական սահմանները, որոնք Ալմաթիի հռչակագրին համաձայն՝ կը դառնան պետական սահմաններ”,– ըսած է Փաշինեան, եւ աւելցուցած. 

Մենք պատրաստ ենք շարժելու գոյացած համաձայնութիւնները կեանքի կոչելու ուղղութեամբ։ Կ՚ուզեմ շեշտել, որ ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի համար ռազմավարութիւն է: Մենք կը հաւատանք ժողովրդավարութեան, մենք կ՚ապրինք ժողովրդավարութեան մէջ”։

«Հայաստանի ժողովրդավարութեան պաշտպանութիւն»-ը քննարկման ընթացքին վարչապետը յայտարարած է, թէ կը փափաքէր որ Հայաստան ընթացիկ տարուան ընթացքին ԵՄ-ի անդամ դառնար։