Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Ազգային ժողովը վաւերացուցած է Հռոմի կանոնադրութիւնը

Հոկտեմբեր 3-ին, Ազգային ժողովը 60 թեր, 22 դէմ քուէներով վաւերացուցած է Հռոմի կանոնադրութիւնը։ 7-օրուան մէջ Հանրապետութեան նախագահը պէտք է ստորագրէ զայն։

Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը քննարկումներուն չէ մասնակցած եւ դէմ քուէարկած է։

Հանրապետութեան նախագահին կողմէ եւս ստորագրուելէն ետք Հայաստան պաշտօնապէս միացած պիտի ըլլայ Հռոմի կանոնադրութեան, ինչ որ կը նշանակէ, թէ այսուհետեւ Երեւան ստիպուած է գործադրելու միջազգային պատժական բոլոր հրահանգները, ի շարս որոնց Փութինի ձերբակալումը, եթէ ան ոտք դնէ Հայաստան։ ■