Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Ալէն Սիմոնեանի կարծիքով՝ պէտք է քննարկուի Եկեղեցին հարկային պարտաւորութիւններու ենթարկելու հարցը

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի կարծիքով՝ պէտք է քննարկել Հայ առաքելական եկեղեցին հարկային պարտաւորութիւններու ենթարկելու հարցը։

Այս մասին ան արտայայտուած է Ազգային ժողովի Մայիս 21-ի նիստին՝ անդրադառնալով «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին եւ անոր մէջ նաեւ Եկեղեցւոյ ներքաշուելուն։

“Կրկին փորձ արուեց մարդկանց յոյզերի վրայ խաղալով, շարժում առաջ բերելու։ Փորձը չյաջողուեց”,– ըսած է Սիմոնեան՝ համոզում յայտնելով, որ շարժումը հիմա իր ձեռքով ստեղծած իրավիճակէն դուրս գալու միջոց կը փնտռէ։

“Ես շատ ցաւում եմ, որ Եկեղեցին ներքաշուեց այս ամէնի մէջ։ Կարծում եմ, նաեւ եկել է ժամանակը, որ մենք քննարկենք, հասկանանք, թէ այն հարկային պարտաւորութիւնները, որոնք բոլորի համար Հայաստանի Հանրապետութիւնում առկայ են, Եկեղեցու հանդէպ ինչո՞ւ դա  չի կիրառւում։ Եւ ես կարծում եմ, որ մենք այդ հարցը մօտ ժամանակներում պէտք է քննարկենք”,–ըսած է Ազգային ժողովի նախագահը։

Ըստ անոր՝ ընդհանուր առմամբ օրէնսդրական դիտանկիւնէն պէտք է վերանայիլ եւ հասկնալ, թէ ինչո՛վ պայմանաւորուած  է Եկեղեցւոյ՝ օրէնքէն աւելի բարձր դիրքը հարկ վճարող գործարարէն, որու վճարումները կ՚ուղղուին բանակին։

“Մեծ հարկատուներն իմ համար ամենակարեւոր մարդիկ են՝ իրենք գանձատրում են Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը”,– ըսած է Սիմոնեան՝ տարակուսելով, թէ ինչո՞ւ անոնք պէտք է հարկ վճարեն, իսկ Եկեղեցին՝ ո՛չ։