Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան. «Մենք պատրաստ ենք հայ-թրքական սահմանի բացման, գնդակը կը գտնուի թրքական կողմը»

Հոկտեմբեր 16-ին, լրագրողներու հետ ասուլիսին, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան պատասխանելով հարցումին, թէ ո՞ր փուլին կը գտնուի հայ-թրքական ցամաքային սահմանի բացման հոլովոյթը եւ ինչո՞ւ շարունակ կը ձգձգուի, յայտարարած է. “Մենք պատրաստ ենք հայ-թրքական սահմանի բացման եւ այժմ գնդակը կը գտնուի թրքական կողմը”։ Ան աւելցուցած է, թէ այս կապակցութեամբ համաձայնութիւնը գոյացած է անցեալ տարուան Յունիսին երկու երկիրներու յատուկ բանագնացներ՝ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըչի միջեւ։

“Համաձայնութիւնը վերահաստատուած է քանի մը անգամ, բարձրագոյն մակարդակով, ինչպէս նաեւ երկրաշարժէն ետք Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի Անգարա կատարած այցի ժամանակ։ Մենք պատրաստ ենք սահմանի բացման թէ՛ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար, թէ՛ ընդհանուր առմամբ”,– շեշտած է Կոստանեան։