Search
Close this search box.

«Հայաստան կ՚ընդլայնէ սպառազինութեան ձեռքբերման գործընկերութեան ցանցը»,– կ՚ըսէ Սուրէն Պապիկեան

Հանրա­յին հե­ռատե­սիլի լրագ­րող Պետ­րոս Ղա­զարեանին տուած հար­ցազրոյ­ցին՝ Պաշտպա­նու­թեան նա­խարար Սու­րէն Պա­պիկեան յայ­տա­րարած է, թէ Հա­յաս­տան ընդլայ­նած է սպա­ռազի­նու­թեան ձեռքբեր­ման իր գոր­ծընկեր­նե­րու ցան­ցը՝ հա­մագոր­ծակցե­լով գեր­պե­տու­թիւննե­րու եւ այլ բա­րեկամ եր­կիրնե­րու հետ։ Սա­կայն ան մեր­ժած է ման­րա­մաս­նութիւններ յայտնել ձեռքբե­րումնե­րու կամ պայ­մա­նագ­րե­րու ըն­թացքին մա­սին։

Նոր գոր­ծընկե­րու­թիւննե­րու շար­քին Պա­պիկեան նշած է Հնդկաս­տա­նը եւ Ֆրան­սան, որոնք այս ոլոր­տին մէջ դար­ձած են Հա­յաս­տա­նի հիմ­նա­կան գոր­ծընկեր­նե­րը։ Ան ակ­նարկած է նաեւ այլ եր­կիրնե­րու, բայց նա­խընտրած է առայժմ չնշել անոնց անուննե­րը։

Աւելցնենք, որ քա­նի մը օր առաջ վար­չա­պետ Փա­շինեան յայ­տա­րարած էր, թէ Հա­յաս­տան պաշտպա­նու­թեան բնա­գաւա­ռին մէջ այ­լեւս չի կրնար ապա­ւինիլ Ռու­սաստա­նին որ­պէս գլխա­ւոր գոր­ծընկեր, քա­նի որ այդ եր­կի­րը բազ­միցս դրժեց իր յանձնա­ռու­թիւնները։