Ապրիլ 15-ին, պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած է Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւ։ Ան Հայաստանի վարչապետին հետ հանդիպումին ողջունած է խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ձգտումը՝ աւելցնելով, թէ բարձր կը գնահատէ Հարաւային Կովկասի մէջ երթեւեկութեան կապերու վերականգնումին ուղղուած ջանքերը։
Վարչապետ Փաշինեան ներկայացուցած է Ազերպայճանի հետ բանակցային վերջին զարգացումները, ընդգծած Հայաստանի կառավարութեան՝ տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու պատրաստակամութիւնը՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ արդէն համաձայնութեան արժանացած երեք սկզբունքներու հիման վրայ:
Կողմերը քննարկած են նաեւ տնտեսական եւ ներդրումային համագործակցութեան առնչուող հարցեր՝ շեշտելով, որ պէտք է ընդլայնել արտադրուող եւ ներածուող ապրանքներու ծաւալը:
“Ղազախստան պատրաստ է դէպի Հայաստան արտադրութեան ծաւալը հասցնելու 350 միլիոն տոլարի նշաձողին: Պէտք է աշխուժացնել յարաբերութիւնները արդիւնաբերութեան, գանձատրման նորարարութեան, զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան, մշակոյթի եւ այլ բնագաւառներու մէջ”,– յայտնած է Թոքաեւ։
Երկու երկիրներու ղեկավարներու հանդիպման աւարտին հրապարակուած է յայտարարութիւն մը, ուր մասնաւորապէս նշուած է. «Հայաստանի եւ Ղազախստանի համալսարաններուն մէջ կը ստեղծուին յատուկ յանձնաժողովներ՝ ուսումնասիրելու ղփչաղ լեզուով հայատառ ձեռագրերը։ Կը քննարկուի նաեւ փոխադարձութեան սկզբունքով Ասթանայի մէջ հայ գիրերու գիւտի հեղինակ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Երեւանի մէջ ղազախ բանաստեղծ Ապայ Գունանպաեւի անունով հանրապարտէզներ հիմնելու ծրագիրը»։
Նշենք, թէ նոյն օրը Երեւան եւ Ասթանա հռչակուած են զուգորդուած քաղաքներ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։