Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Յարատեւ բացակայութիւններու հիման վրայ՝ Երեւանի աւագանին վերջ տուած է Հայկ Մարութեանի լիազօրագրին

Հայկ Մարութեան՝ Երեւանի աւագանիի Փետրուար 7−ի արտակարգ նիստին

Ուրիշ երկու ընդդիմադիրներ եւս արտաքսուած են

Իշխանու­թեան խմբակ­ցութիւննե­րը Երե­ւանի աւա­գանիի (Քա­ղաքա­յին խոր­հուրդ) Փետ­րուար 7-ի ար­տա­կարգ նիս­տին «Հան­րա­յին ձայն»-ի օգ­նութեամբ Աւա­գանիի ան­դա­մի իր լիազօ­րու­թիւննե­րէն զրկած են «Ազ­գա­յին առա­ջըն­թաց» խմբակ­ցութե­նէն Հայկ Մա­րու­թեանը, որ նախ­կին քա­ղաքա­պետն էր: Աւա­գանին իրենց լիազօ­րու­թիւննե­րէն զրկած է նաեւ «Մայր Հա­յաս­տան» խմբակ­ցութեան ան­դամ Նա­րինէ Հայ­րա­պետեանը եւ Սո­նա Աղէ­կեանը: «Հան­րա­յին ձայն»-ի եր­կու ան­դամնե­րը դէմ քուէար­կած են Զա­րու­հի Փոս­տանջեանն ու Գէորգ Ստե­փանեանը եւս իրենց լիազօ­րու­թիւննե­րէն զրկե­լու առա­ջար­կին։

Ներ­կա­յացուած է վի­ճակագ­րութիւն, ըստ որուն՝ Մա­րու­թեան Աւա­գանիի 42 քուէար­կութիւննե­րէն ոչ մէ­կուն մաս­նակցած է, իսկ իրենց լիազօ­րու­թիւննե­րէն զրկուած միւս ընդդի­մադիր­նե­րը շա­րու­նակ պոյ­քո­թի են­թարկած են նիս­տե­րը:

Նիս­տի ըն­թացքին դահ­լիճ մտած է Հայկ Մա­րու­թեան ու յայ­տա­րարած, թէ սա քա­ղաքա­կան հա­շուե­յար­դար է։ Յի­շեցու­ցած է, որ երբ ինք քա­ղաքա­պետ էր ու նոր հան­րա­կառքեր նե­րածե­լու հար­ցը կը քննար­կուէր, իշ­խա­նու­թեան «Քա­ղաքա­ցիական պայ­մա­նագիր» (ՔՊ) կու­սակցու­թեան ան­դամներն ալ այդ ծրա­գիրը պոյ­քո­թի կ՚են­թարկէին: Բա­ցատ­րած է, թէ իր բա­ցակա­յու­թիւններն ալ պոյ­քոթ է՝ «քա­ղաքա­կան պայ­քա­րի միակ մե­թոդն այս պա­հին»։

“Ին­չո՞ւ նա­խորդ գու­մարման ժա­մանակ չէիք հե­ռաց­նում ձեր տաս­նեակ թի­մակից­նե­րին, որոնք տա­րինե­րով նիս­տե­րին չէին մաս­նակցում, որով­հե­տեւ ձեր դէմ դուրս չէի՞ն գա­լիս։ Գի­տէ՞ք ում էք հե­ռաց­րել ան­ցած գու­մարման ժա­մանակ՝ Լու­սի­նէ Մխո­յեանին՝ յղի կնո­ջը, ի դէպ՝ այն բա­նի հա­մար միայն, որ երբ որ ինձ քա­ղաքա­պետի պաշ­տօ­նից հա­նում էիք, նա ձեզ չմիացաւ։ Այսպէս էք դուք”,– ըսած է Մա­րու­թեան՝ շա­րու­նա­կելով. “Մեզ էք հա­նում, որով­հե­տեւ, այո՛, ձեր դէմ ենք դուրս եկել, պա­հան­ջում ենք ձեր հրա­ժարա­կանը։ Մար­դիկ մեզ ընտրել են հինգ տա­րով, ու դուք երեք ամ­սուայ գալ-չգա­լու հա­մար ինձ հա­նո՞ւմ էք։ Ո՞վ է ձեզ այդ իրա­ւունքը տուել, դո՞ւք էք ինձ այդ լիազօ­րագի­րը շնոր­հել, թէ՞ կա­րող է մտա­ծում էք դուք իմ գոր­ծա­տուն էք։ Իմ գոր­ծա­տուն իմ ընտրող­ներն են, յար­գե­լիներս, դուք ո՞վ էք”։

Մա­րու­թեան նաեւ ընդգծած է, որ Աւա­գանիի դահ­լի­ճէն դուրս ինք գոր­ծուն կեր­պով մաս­նակցած է ծրագ­րե­րու մշակ­ման, հան­դի­պումներ ու­նե­ցած է քա­ղաքա­ցինե­րուն հետ ու աշ­խուժ աշ­խա­տած է:

Քա­ղաքա­պետ Տիգ­րան Աւի­նեան ու փոխ­քա­ղաքա­պետ Սու­րէն Գրի­գորեան կարճ ար­ձա­գան­գած են Մա­րու­թեանի ելոյ­թին։

“Եթէ դուք չէք եկել, որ­պէսզի չմաս­նակցէք Աւա­գանու որո­շումնե­րին, ձեզ հա­մար, ան­կեղծ ասած, հե­տագա­յում նոյնպէս բան չի փո­խուի, դուք կը շա­րու­նա­կէք չգալ եւ չէք մաս­նակցի Աւա­գանու նիս­տե­րին եւ որո­շումնե­րին”,– նշած է Աւի­նեան։

“Որ ասում էք՝ լռեց­նել, լռեց­նել, լռեց­նել, դուք ընդհան­րա­պէս ըն­կա­լո՞ւմ էք, որ լռեց­նում են այն մար­դուն, ով որ խօ­սում է։ Այ­սինքն՝ եթէ դուք նիս­տի չէք գա­լիս, ելոյթ չէք ու­նե­նում, ձեզ ին­չի՞ հա­մար պէտք է լռեց­նեն”,– իր կար­գին ըսած է Գրի­գորեան։

Ընդդի­մադիր­նե­րը լիազօ­րագ­րէ զրկե­լու հա­մար իշ­խա­նական­նե­րը անհրա­ժեշտ մէկ քուէի փո­խարէն ապա­հոված են «Հան­րա­յին ձայն» խմբակ­ցութեան եր­կու քուէն: Թէեւ այս կու­սակցու­թեան հիմ­նա­դիր, հե­տախուզման մէջ գտնուող նախ­կին ոս­տի­կան Վար­դան Ղու­կա­սեան նա­խորդ օր կոչ ըրած է չներ­կա­յանա­լու նիս­տին, անհրա­ժեշտ մե­ծամաս­նութիւ­նը չա­պահո­վելու ու տա­պալելու զայն, այ­դուհան­դերձ, 5 հո­գինոց այդ խմբակ­ցութեան ղե­կավար Վա­հան Աւա­գեան ու ան­դամ Վա­հէ Եսա­յեան Փետ­րուար 7-ի նիս­տին իրենց աթոռ­նե­րը գրա­ւած են դահ­լի­ճին մէջ: Ընդդի­մադիր­նե­րը կը պնդեն, որ անոնք իշ­խա­նու­թեան ճնշումնե­րուն են­թա­կայ են։

Վա­հան Աւա­գեան հաս­տա­տած է, որ նա­խորդ օր ներ­կա­յացած է Քննչա­կան կո­միտէ, բայց մեր­ժած է բա­ցատ­րել, թէ ին­չո՞ւ: Իսկ իրենց նկատ­մամբ բա­նեցուող ճնշումնե­րու մա­սին ան ըսած է, թէ այդ միայն Վար­դան Ղու­կա­սեանի կող­մէ կա­տարուած է, ու­րիշ ոչ ոքի։

“Ի սկզբա­նէ Վար­դան Ղու­կա­սեանի հետ պայ­մա­նաւո­րուած էինք, որ այս նիս­տը պի­տի լի­նի այս նոյն բո­վան­դա­կու­թեամբ, ոնց այ­սօր ան­ցաւ։ 15 րո­պէ յե­տոյ փո­խել ինչ-որ մի հատ պայ­մա­նաւո­րուա­ծու­թիւն, յե­տոյ մի ան­գամ եւս փո­խել, յե­տոյ որո­շել, որ չենք գնում՝ իմ մօտ լուրջ կաս­կած կայ, որ մեր խմբակ­ցութեան ան­դամնե­րը, կամ ինչ-որ մի մի­ջոցով, կա­պուել են հէնց մեր ղե­կավա­րի հետ, եւ ինձ ասուեց՝ կտրա­կանա­պէս չէք գնում, բոյ­կո­տում էք, ու պայ­ման դրեց նաեւ իրենց, ասեց՝ չէք գնում մին­չեւ վերջ, այ­սինքն՝ էս նիս­տին, միւս նիս­տին ու այդպէս շա­րու­նակ, մին­չեւ քա­ղաքա­պետա­րանը քան­դուի, բոյ­կո­տուի։ Մեզ ասել էր՝ եթէ գնաք՝ այս կը լի­նի, ապա շան­տաժներ եւ այլն”,– ըսած է Աւա­գեան։

Իր լիազօ­րագ­րէն նոյնպէս զրկուած Սո­նա Աղէ­կեան ալ դահ­լիճ մտած է միայն իր ելոյ­թին հա­մար. ան ըսած է, որ «Քա­ղաքա­ցիական պայ­մա­նագիր»-ը ոտ­նա­հարած է իր ընտրո­ղի իրա­ւունքը՝ զինք Աւա­գանիէն ար­տաքսե­լով։

“«Մայր Հա­յաս­տան» դա­շին­քը որո­շել էր, մենք՝ խմբակ­ցութիւ­նով նիս­տից առաջ որո­շել էինք քա­ղաքա­ցինե­րին տու­գանքի առար­կայ դարձնե­լու որոշ­մա­նը չմաս­նակցել, անհրա­ժեշտ մե­ծամաս­նութիւ­նը չա­պահո­վել, բնա­կանա­բար՝ ես եւս չեմ մաս­նակցել եւ չեմ մաս­նակցե­լու հայ մար­դուն, երե­ւան­ցուն տու­գանքի առար­կայ դարձնե­լու ապօ­րինի, խայ­տա­ռակ ՔՊ-ական որո­շումնե­րին”,– յայ­տա­րարած է Աղէ­կեան։

Յե­ղափո­խու­թե­նէն յե­տոյ ՔՊ-ի ցան­կով քա­ղաքա­պետ ընտրուած ու յե­տոյ իր խմբակ­ցութեան կող­մէ պաշ­տօ­նանկ եղած Հայկ Մա­րու­թեան վստահ է՝ ինք քա­ղաքա­պետի միակ այ­լընտրան­քա­յին թեկ­նա­ծուն էր, եւ այդ է պատ­ճա­ռը, որ այ­սօր զինք կը զրկեն իր լիազօ­րագ­րէն:

Աւի­նեան անոր այս պնդու­մին ար­ձա­գան­գե­լով ըսած է, թէ ան եր­կու տա­րի ու­նէր լաւ քա­ղաքա­պետ ըլ­լա­լու հա­մար: Իսկ փոխ­քա­ղաքա­պետ Ար­մէն Փամ­բուխչեան լուրջ չէ հա­մարած այդ պնդումնե­րը. “Աւա­գանու հե­ռացուած ան­դա­մը կա­րող է տար­բեր պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւններ բե­րել, հռչա­կել իրեն այ­լընտրան­քա­յին քա­ղաքա­պետ կամ այ­լընտրան­քա­յին ոեւէ պաշ­տօ­նեայ, բայց, այ­նուամե­նայ­նիւ, այս որո­շու­մը կա­յացուել է մի­միայն այն հիմ­քով, որ պա­րոն Մա­րու­թեանը չի յա­ճախել աշ­խա­տան­քի”։

«Ազա­տու­թիւն» լրաս­փիւռը Տիգ­րան Աւի­նեանին հար­ցուցած է, թէ ին­չո՞ւ «Հան­րա­յին ձայն»-ի ան­դամնե­րը կան­չուած էին Քննչա­կան կո­միտէ, ար­դեօք վճռո­րոշ այս քուէար­կութե­նէն առաջ այդ մէ­կը՝ անհրա­ժեշտ մե­ծամաս­նութիւն եւ ի նպաստ քուէար­կութիւն ապա­հովե­լու ուղղուած ճնշում չէ՞։ “Այդ մե­թոդ­նե­րը եր­բեք չենք կի­րառել եւ չենք պատ­րաստւում կի­րառել”,– պա­տաս­խա­նած է քա­ղաքա­պետը։

«Ձեր քայ­լե­րը դէ­պի մեծ քա­ղաքա­կանու­թիւն շա­րու­նա­կելո՞ւ էք» «Ազա­տու­թեան» հար­ցումին՝ Հայկ Մա­րու­թեան պա­տաս­խա­նած է, որ 2026-ին պի­տի մաս­նակցի ընտրու­թիւննե­րուն, նոր կու­սակցու­թիւն պի­տի հիմ­նեն, եւ վար­չա­պետի թեկ­նա­ծուն ալ ինք պի­տի ըլլայ։ ■