Search
Close this search box.

Հայաստան չորս գիւղերը յանձնեց Ազերպայճանին

Երկու երկիրներու միջեւ սահմաններու զատման Ապրիլին սկսած աշխատանքներէն ետք՝ Հայաստան Մայիս 24-ին Ազերպայճանին յանձնեց չորս սահմանամերձ գիւղեր։

Ըստ հայկական ծառայութիւններու՝ Հայ սահմանապահները սկսան պաշտօնապէս հսկել երկու երկիրներու կողմէ համաձայնութեան արժանացած նոր սահմանագիծին։ Ազերպայճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ յայտարարեց, որ Պաքու կը վերահսկէ Ղազախի չորս գիւղերը, իմա՝ Բաղանիս Այրումը, Աշաղի Ասքիփարանը, Խեյրիմլին եւ Ղըզըլհաջիլին:

Մայիսեան համաձայնագրի գործադրումը, որ կ՚ընդգրկէ 12,70 քմ. երկարութեամբ սահմանային հատուած մը, Հայաստանի իշխանութիւններուն կարծիքով կարեւոր քայլ է դէպի համապարփակ խաղաղ համաձայնագիր։

Բայց եւ այնպէս, այս համաձայնութիւնը բուռն հակազդեցութիւն յառաջացուցած է Հայաստանի մէջ։ Բագրատ արք. Գալստանեանի կոչով Մայիս 26-ին Երեւանի մէջ հազարաւոր մարդիկ կրկին ցոյց կը կատարէին՝ պահանջելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։

Բագրատ արք. վերոնշեալ ցոյցին յայտարարեց, թէ Վեհափառ հայրապետէն խնդրած է սառեցնել իր 30-ամեայ հոգեւոր ծառայութիւնը, որ անհամատեղելի կը գտնէ ներկայի քաղաքական իր գործունէութեան եւ մա՛նաւանդ վարչապետի պաշտօնին հետ, որուն թեկնածու է։