Մարտ 25-ին, Երեւան կատարած առաջին պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէ յայտարարած է, թէ Թիֆլիս երախտապարտ է, որ Երեւան կը ճանչնայ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, որ իր կարգին առանց վերապահումի կ՚աջակցի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան։
Վրաստանի խորհրդարանին կողմէ անցեալ Փետրուարին վարչապետ ընտրուած Քոպախիձէ եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախագահական նստավայրին մէջ նախ գլուխ-գլխի բանակցած են, ապա ընդլայնուած կազմով, եւ ի վերջոյ մասնակցած են լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսին։
Փաշինեան ընդգծած է, որ տարւոյն սկիզբը երկու երկիրներու միջեւ ստորագրուած ռազմավարական համագործակցութեան հռչակագրին էական առանցքը կը կազմէր մէկզմէկու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը, աւելցնելով, որ Հայաստան ոգեւորութեամբ արձագանգած է Վրաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամութեան թեկնածուի կարգավիճակ ստանալու մասին լուրին՝ տեղի ունեցածը համարելով կարեւոր իրադարձութիւն մը, որ իր անմիջական ազդեցութիւնը կ՚ունենայ նաեւ Հայաստան-Վրաստան երկկողմ յարաբերութիւններուն վրայ։
“Այսօր մենք նաեւ քննարկեցինք Հայաստանի ու Վրաստանի միջեւ սահմանազատման հոլովոյթի աշխուժացման կարելիութիւնները”,– նշած է Փաշինեան։
Իր կարգին, Քոպախիձէ յայտնած է, թէ Վրաստան կ՚աջակցի Հարաւային Կովկասի կայունութեան, խաղաղութեան եւ միասին ապրելու ջանքերուն՝ յուսալով, որ Հայաստան եւ Ազերպայճան կը ստորագրեն խաղաղութեան համաձայանգիր, իսկ Վրաստան պատրաստ է օժանդակելու այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն։
Այնուհետեւ երկու երկիրներու ղեկավարները այցելած են Վրաստանի դեսպանութեան նոր շէնքը։ Հայաստանի վարչապետը շնորհաւորած է իր պաշտօնակիցը եւ դեսպանութեան աշխատակիցները՝ նոր շէնքին բացման առիթով։
Երեւան կատարած այցի շրջանակին մէջ Վրաստանի վարչապետը հիւրընկալուած է նաեւ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի կողմէ։
Իրաքլի Քոպախիձէ այնուհետեւ այցելած է Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցած Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին։
Նոյն օրը աւարտած է Վրաստանի վարչապետին Հայաստան այցելութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։