Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՖՐԱՆՍԱ – Պուռ-լէ-Վալանսի քաղաքապետական պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան 

Հայրենի Արագածոտնի մարզի Թալին քաղաքին հետ զուգորդուած Ֆրանսայի Պուռ-լէ-Վալանս քաղաքի պատուիրակութիւնը, քաղաքապետուհի Մարլէն Մուրիէի գլխաւորութեամբ այցելած է Հայաստան։ 

Քաղաքապետուհին Յուլիս 24-ին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամութեան խումբի նախագահ Վլադիմիր Վարդանեանի հետ, ներկայութեամբ՝ Բարեկամութեան խումբի անդամներուն, Պուռ-լէ-Վալանսի փոխքաղաքապետին, ինչպէս նաեւ Թալինի քաղաքապետին։

Վլադիմիր Վարդանեան հիւրերուն տեղեկացուցած է Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին մասին։

Նախապէս, Յուլիս 22-ին, Պուռ-լէ-Վալանսի պատուիրակութիւնը մասնակցած է զուգորդ քաղաք Թալինի օրուան տօնակատարութիւններուն։ Թալինի քաղաքապետ Տաւրոս Սափէեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ գալ տարի պիտի նշուի զուգորդ քաղաքներու համագործակցութեան 20-ամեակը, որու ծիրէն ներս առաջարկուած է Պուռ-լէ-Վալանսի մէջ ստեղծել Թալինի նուիրուած հանրապարտէզ մը, ուր կը նախատեսուի տեղադրել  ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի կիսանդրին։

Քաղաքապետ Մարլէն Մուրիէ յայտարարած է, որ պատրաստ է զարգացնելու համագործակցութիւնը երկու քաղաքներուն միջեւ։