Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՖՐԱՆՍԱ – Քաղաքական խորհրդակցութիւններ՝ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ

Ապրիլ 17-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած են քաղաքական խորհրդակցութիւններ՝ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ, գլխաւորութեամբ՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեանի եւ Ֆրանսայի՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան Մայրցամաքային Եւրոպայի վարչութեան պետ, Մինսքի խումբի Ֆրանսայի համանախագահ Պրիս Ռոքֆէօյի:

Կողմերը անդրադարձած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու: Ընդգծուած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան աւելի սերտացման կարեւորութիւնը։ Քննարկուած են պաշտպանութեան, տնտեսութեան, մշակոյթի, ենթակառոյցներու զարգացման, հաստատութենական կարողութիւններու ամրապնդման եւ այլ բնագաւառներու մէջ առկայ ներուժի լիարժէք օգտագործման հեռանկարները։

Խորհրդակցութիւններու ընթացքին կողմերը անդրադարձած են նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ եւ այլ բազմակողմ հարթակներու վրայ գոյութիւն ունեցող համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան օրակարգին առնչուող հարցերու: