Search
Close this search box.

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՓՐԻԿԷ – Operalia 2023 միջազգային մրցոյթին պարիթոն Նաւասարդ Յակոբեան արժանացած է երրորդ մրցանակին

Հոկտեմբեր 30-էն Նոյեմբեր 5, Հարաւային Ափրիկէի Քեյփ Թաուն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է օփերայի սպանացի աշխարհահռչակ երգիչ Փլասիտօ Տոմինկոյի հիմնադրած «Operalia 2023» միջազգային  մրցոյթը: Օփերայի 34 երիտասարդ երգիչներ՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէ, պայքարած են մրցանակային տեղեր գրաւելու համար։ 

Հայաստանի ներկայացուցիչ, պարիթոն Նաւասարդ Յակոբեան «Օփերա» անուանակարգին մէջ արժանացած է երրորդ, նաեւ՝ «Տոն Փլասիտօ Տոմինկօ – Ֆեռռեր յատուկ մրցանակ»-ին զարզուելայի (սպանական քնարական յատուկ ոճ մը) կատարողութեան համար։