Search
Close this search box.

Հարիւրաւոր Արցախցիներ փափաք յայտնած են միանալու դէպի Հակարիի կամուրջ երթին

Ինչպէս հաղորդած էինք, Բերձորի միջանցքի ապաշրջափակման ժողովրդական շարժումի անդամները ծրագրած են յառաջիկայ օրերուն հանրակառքերով երթ կազմակերպել դէպի ազերպայճանցիներու կողմէ փակուած Հակարիի կամուրջը։

Նախաձեռնող խումբի անդամ Գագիկ Ավանէսեան «Ազատութիւն» լրասփիւռին հաղորդած է, որ իրենց այդ քայլով պիտի փորձեն ցոյց տալ աշխարհին, որ Ալիեւ կը ստէ, ըսելով որ ճամբան բաց է։ Ան ընդունած է, որ այս նախաձեռնութիւնը վտանգաւոր է, բայց իրենք այլ տարբերակ չունին։

“Մենք բոլոր վտանգները աչքի առջեւ ունինք եւ նկատի առած ենք, օրինակ՝ ռուս խաղաղապահները կրնան երաշխաւորել Շուշիի քովէն անցնիլը, բայց իրենց խոստումը չկատարել”, – ըսած է ան։

Հարցումին, թէ Վագիֆ Խաչատրեանի առեւանգումը նկատի ունենալով արդեօք մարդիկ չե՞ն վախնար մասնակցելու երթին, Ավանէսեան պատասխանած է․ «Վախնան-չվախնան ուրիշ ելք չունինք։ Վագիֆ Խաչատրեանի պարագան տեսնելով հիմա ամէն մարդ կը հասկնայ, որ նոյնը իրեն կը սպասէ։ Բայց պէտք է պայքարինք եւ ոչ թէ Ստեփանակերտ նստինք եւ սպասենք, թէ երբ պիտի գան մեզ տունէն տանելու։ Ժողովուրդը Հակարիի կամուրջ փոխադրող տասնեակ հանրակառքեր արդէն քանի մը օր է, որ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ կը գտնուին եւ հարիւրաւոր Արցախցիներ երթին միանալու փափաք յայտնած են”,– նշած է Ավանէսեան։