Search
Close this search box.

Հիմա ալ Սաղմոսավանքն ու Նորավանքը յայտնուած են ազերպայճանական թիրախին

Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամը ահազանգ կը հնչեցնէ.

«Շարունակելով կեղծիքները` Սաղմոսավանքը եւ Նորավանքը՝ Հայաստանը գրաւելու Ազերպայճանի իշխանութեան հետապնդած ծրագրին մէջ յայտնուած են։

Ըստ այդ կեղծիքներուն` Սաղմոսավանքը ազերպայճանական մշակութային ժառանգութեան մաս կը կազմէ եւ կը գտնուի, այսպէս կոչուած, «Արեւմտեան Ազերպայճան»-ի թուրք-ղփչաղական Սաղմոսավանք գիւղը, իսկ վանական համալիրն ալ աղուանական է։ Իբրեւ թէ Հայերը առաջին անգամ հոն բերուած են 1828-1830 տարիներուն։

Ըստ այդ կեղծ վարկածին` Նորավանքը աղուանական կառոյց մըն է եւ կը պատկանի Ազերպայճանին։ Իբրեւ թէ մինչեւ 1988 այդ գիւղին մէջ միայն Ազերպայճանցիներ ապրած են։ 

Ազերպայճանական կողմը բարձրագոյն մակարդակով կը շարունակէ կեղծիքներու այս տարափը՝ չխնայելով միջոցներ։ Պէտք չէ թոյլ տալ այս կեղծիքներու տարածումը, որուն զուգահեռ Պաքուի իշխանութիւնը ակնյայտօրէն կը պատրաստուի Հայաստանի դէմ նոր յանցանքներու գործադրութեան։ Ազերպայճանի իշխանութիւնը իրականութեան մէջ խաղաղութեան մտադրութիւն չունի,հետեւաբար որեւէ պարագայի պէտք չէ արտօնել, որ անոնք թելադրեն իրենց կեղծ օրակարգը»: