Search
Close this search box.

ՀՈՂՎՐՏԻՔ – Ատամնաբոյժ Տոքթ. Ժիրայր Սապունճեանի թարմ յիշատակին

Մեր՝ հայկական շրջանակին մէջ, ընկալուած սովորութիւն է՝ հրապարակային մահագոյժերը ընդհանրապէս վերապահուած կ՚ըլլան համայն ազգին կամ սփիւռքի տուեալ երկրի մը կամ քաղաքի մը ծանօթ անձնաւորութիւններու։

Սակայն, կան նուազ ծանօթ դէմքեր ալ, որոնք առանց պաշտօնապէս մաս կազմելու այդ շրջանակին, առնուազն զինք ճանչնալու բախտը ունեցածներուն համար՝ լիուլի արժանի են նոյն մեծարանքին։ Անոնցմէ էր, մեր սիրելի՛ ատամնաբոյժը, տոքթ. Ժիրայր Սապունճեանը, որու մահուան գոյժին տեղեկացայ խոր կսկիծով։

Ան, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, իր մահկանացուն կնքած է Օգոստոս 5-ին, փարիզեան հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ։ 

Տոքթ. Սապունճեանի դարմանատունը, որ կը գտնուէր մայրաքաղաքիս 9-րդ թաղամասին մէջ, Հայ մշակոյթի տունէն քանի մը քայլ անդին, հանդիպակաց կարճ փողոցին անկիւնը, կարծէք կը հանդիսանար երբեմնի հայաշատ այդ թաղամասին «հայկական ինքնութեան» մէկ պահապանը, ըլլալով վայր մը, ուրկէ ուզէին կամ չուզէին՝ պիտի անցնէին մօտակայքը,– եւ ոչ միայն,– բնակող կամ աշխատող շատ մը Հայեր, որոնք ուշ կամ կանուխ պիտի «իյնային իր՝ տոքթ. Ժիրայրի ձեռքը», յանձնէին իրենց ատամները անոր խնամքին։ 

Իյնալ իր ձեռքը. ի՛նք էր, որ այդպէս կը բնորոշէր։ 

Ատամի անասելի ցաւերու մշուշով պատուած՝ փայտաշէն սանդուխներէն բարձրանալէ ետք փարիզեան այդ հին, բայց փարթամ շէնքին երկրորդ յարկը, վերջապէս կը հասնէիք ձեր փրկչին քով։ Ձեզ կը դիմաւորէր տոքթ. Ժիրայրի քոյրը՝ Լիտին, որ անոր ամէն ինչն էր, մինչեւ իսկ քարտուղարուհին դարձած՝ կրթական ոլորտի մէջ երկար տարիներու փայլուն ասպարէզէ մը ետք։ 

Ան ձեզ կ՚առաջնորդէր սպասման սրահ։ Եւ երբ ձեր կարգը հասնէր ու մուտք գործէիք դարմանումի սրահ, տոքթ. Ժիրայր կը սիրէր ձեզ բարեւել ձեռքերը շփելով՝ իր որսին տիրացած գազանի շարժուձեւ կապկելով, «ձեռքս ինկար» ըսելով, որովհետեւ քաջ կը գիտակցէր, որ աշխարհի վրայ ոչ ոք կը սիրէ այցելել ատամնաբոյժին, ուստի այդպէսով կը փորձէր «թեթեւցնել մթնոլորտը»։ Յամենայն դէպս, չէր ալ կրնար այլապէս վերաբերիլ, քանզի կատակասիրութիւնը,– իր բազմաթիւ առաքինութիւններու կողքին,– անոր նկարագրին անբաժան մէկ մասն էր։ Յետոյ, դարմանումի ընթացքին ալ՝ մէջ ընդ մէջ՝ մշակութային կամ արհեստագիտական-նորարարական լուրջ նիւթ մը եւ երգիծական պատմութիւն մը իրարու կը յաջորդէին, մինչեւ որ տանջանքի պահերը վերջանային ու յաջորդ ժամադրութեան համար թելադրէր տեսնել քարտուղարուհիին, այսինքն իր քրոջ հետ։ 

Իրեն կատարած իմ այցելութիւններուն մեծամասնութիւնը կը զուգադիպի այն ժամանակաշրջանին, երբ «Յառաջ» օրաթերթը,– որու փոքր անձնակազմին նուաստս եւս մաս կը կազմէր,– փակելու շշուկները օր ըստ օրէ աւելի շօշափելի բնոյթ կը ստանային։ Իմ իւրաքանչիւր այցելութեան, տոքթ. Ժիրայր անխուսափելիօրէն կ՚արծարծէր այս նիւթը, կը յայտնէր իր ափսոսանքը ու հարցին ներքին ծալքերուն անտեղեակ, որքան ալ բարի կամեցողութեամբ ըլլայ՝ յաճախ անիրատես, անիրագործելի, բայց թէապէս հետաքրքրական լուծումներ կը թելադրէր։ Յամենայն դէպս, ակնյայտ ու զգալի էր, որ անկեղծ էր իր ափսոսանքին մէջ։

Անոր լեռնանման մարմինը օժտուած էր ոսկէ սրտով մը, որ կարծէք ծրագրուած էր երբեք «ո՛չ» չըսելու։ Կը փորձէր հասնիլ բոլորին, ամոքել բոլորին ցաւերը։ Ուրիշներէ յաճախ լսած եմ նաեւ, որ ազգային շատ մը անձնաւորութիւններ ու իրենք զիրենք Ֆրանսայի հողին վրայ գտած, ընչազուրկ շա՜տ ու շատ ապաստանեալ հայրենակիցներ յօժարաբար, անվճար բուժած է ան։ Ողբացեալը 40 երկար տարիներ սպասարկած է Սէն թ՚Անն հիւանդանոցի ատամնաբուժութեան բաժնին ալ։ 

Տոքթ. Ժիրայրի անձին մէջ, զիս գլխաւորաբար տպաւորող յատկանիշը եղած է մարդկային գիծը եւ նախընտրեցի ծանրանալ այդ յատկանիշին վրայ։ Ան ունեցած է նաեւ համայնքային գործունէութիւն, ինչպէս որ 1982-էն 1990 ստանձնած է Ֆրանսահայ բժիշկներու միութեան՝ UMAF-ի գանձապահութեան պաշտօնը եւ այլն։ 

Այսօր, մեր տոքթ. Ժիրայրն ալ կը մեկնի ու կ՚երթայ իր անբաժան քրոջը քով, որ դեռ հազիւ վեց ամիս առաջ հրաժեշտ առած էր մեզմէ։

Ձեր բարի յիշատակը պիտի մնայ անթառամ սիրելի՛ Ժիրայր եւ Լիտի։

Յ.Կ. ■

*  *

ՄԱՀԱԶԴ

Հրայր եւ Յասմիկ ՀՐԱՉԵԱՆ, իրենց զաւակներն ու թոռները,

Սապունճեան, Հրաչեան, ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ եւ ԳՈՐԾՈՒՆԵԱՆ ընտանիքները

խոր ցաւով կը գուժեն

ՏՈՔԹ. ԺԻՐԱՅՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆի

մահը, որ պատահեցաւ Օգոստոս 5-ին, 76 տարեկանին։

Յուղարկաւորութիւնը կը կատարուի Ուրբաթ, Օգոստոս 18, ժամը 14.30-ին Փարիզի Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ, 15 rue Jean Goujon, 75008 Paris.

Փոխան ծաղիկի նուէրներ կարելի է ընել UMAF-ին, Santé Arménie ընկերակցութեան եւ հայկական այլ ընկերակցութիւններու։ 

«ՆՅ» – Մեր անկեղծ ցաւակցութիւնները Հրաչեան եւ Սապունճեան ընտանիքներուն։

 

AVIS DE DÉCÈS

Hraïr et Hasmig HERATCHIAN, leurs enfants et petits enfants

Les familles SABOUNTCHIAN, HERATCHIAN, BERBERIAN et GORTZOUNIAN 

ont l’immense tristesse d’annoncer le décès  

du Docteur Gérard SABOUNTCHIAN 

survenu le 5 août 2023 dans sa 76e année. 

Les obsèques auront lieu le vendredi 18 août, à 14h30, en l’église Saint Jean-Baptiste, 15 rue Jean Goujon, 75008 Paris. 

En lieu et place des fleurs, des dons peuvent être adressés à l’UMAF, à l’association Santé Arménie ou aux associations arméniennes. 

« NH » – Nos plus sincères condoléances aux Familles Heratchian et Sabountchian.