Search
Close this search box.

ՂԱԶԱԽՍՏԱՆ – Էրտողան. «Հայաստան պէտք է յանձնառու ըլլայ Ազերպայճանի հանդէպ իր պարտաւորութիւններուն»

 Նոյեմբեր 3-ին Ասթանայի (Ղազախստան) մէջ տեղի ունեցած «Թրքա խօս պետութիւններու կազմակերպութեան» 10-րդ համաժողովին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտնած է, թէ Ազերպայճանի պատմական յաղթանակին շնորհիւ Հարաւային Կովկասը աւելի քան երբեք մօտ է խաղաղութեան։ Ան միաժամանակ պնդած է, թէ Հայաստան ընելիք ունի։

“Ազերպայճան ամբողջապէս վերջակէտ դրաւ Ղարաբաղի՝ 30 տարի տեւած բռնագրաւման։ Մենք հպարտ ենք ու երջանիկ այս պատմական նուաճումին համար, որով առաւել մօտեցած ենք մնայուն խաղաղութեան։ Հայաստան պէտք է յանձնառու ըլլայ Ազերպայճանի հանդէպ իր պարտաւորութիւններուն։ Շատ կարեւոր է նաեւ Նախիջեւանը Ազերպայճանի արեւմտեան շրջաններուն կապող երթեւեկութեան ուղիի հաստատումը։ Այդ ճամբան կարեւոր է թէ՛ տարածաշրջանի երկիրներուն համար եւ թէ՛ այդպէսով Թուրքիա կը կապուի Կեդրոնական Ասիոյ, այսինքն՝ իր պապենական հայրենիքին հետ”,– նշած է Էրտողան եւ ընդգծած. “Իբրեւ թրքական աշխարհ՝ մենք պէտք է շարունակենք մեր աջակցութիւնը Ազերպայճանին այս գործընթացի յաջող աւարտին համար”։

Էրտողան նաեւ դռնփակ հանդիպում ունեցած է Ազերպայճանի նախագահին հետ, որու ընթացքին,– ըստ Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակին,– քննարկուած են Հայաստանի հետ կապուած հարցեր, սակայն այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։

Թուրք-ազերպայճանական լրասփիւռներուն համաձայն՝ «պատմական յաղթանակ»-ի կապակցութեամբ Ալիեւը շնորհաւորած են նաեւ Ուզպէքիստանի և ՀԱՊԿ-ի ու ԵԱՏՄ-ի մէջ Հայաստանի դաշնակից Ղազախստանի նախագահները։ Թոքաեւ պնդած է, թէ Սեպտեմբեր 19-ին Արցախի վրայ կատարուած յարձակումն ու Արցախի հայաթափումը իրագործուած են միջազգային օրէնքներու եւ չափանիշերու հիման վրայ։ ■