Search
Close this search box.

ՂԱԶԱԽՍՏԱՆ – Վարչապետ Փաշինեանի նախագահութեամբ Ալմաթիի մէջ գումարուած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստը

Փետրուար 2-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նախագահութեամբ Ալմաթիի մէջ գումարուած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի յաջորդական նիստը:

Իր ելոյթին վարչապետը նշած է, թէ 2023-ին Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) երկիրներու հետ Հայաստանի ապրանքաշրջանառութիւնը նախորդ տարուան բաղդատմամբ աճած է 39%-ով եւ կազմած շուրջ 7,8 միլիառ տոլար։ Առ այդ՝ արտածումը 40,8%-ով, իսկ ներածումը` 37,5%-ով աճ արձանագրած են։

Ան ըսած է, թէ ԵԱՏՄ-ի առաջնահերթ խնդիրներու շարքին պէտք է դիտարկել արդիւնաբերական գործակցութեան ամրապնդումը, նոր գործարար կապերու ստեղծումը, թուային ծառայութիւններու անդրսահմանային առեւտուրի հաստատումը եւ տուեալներու փոխանակումը։

Նիստին քննարկուած են ԵԱՏՄ-ի շրջանակին մէջ համագործակցութեան հարցեր, որոնք կը վերաբերին առցանց առեւտուրին, մաքսային կարգաւորումներուն, օդային հաղորդակցութեան, վտանգներու կառավարման, երթեւեկութեան միջոցներու, գիւղատնտեսութեան բնագաւառներուն, երկաթուղային ենթակառոյցներու եւ բազմաբնոյթ փոխադրումներու կազմակերպման առնչուող հարցեր:

Կառավարութիւններու ղեկավարները ստորագրած են նիստի ընթացքին համաձայնութեան արժանացած փաստաթուղթերն ու արձանագրութիւնները:

Խորհուրդի յաջորդ նիստը տեղի կ՚ունենայ Մայիսին` Պելառուսի մէջ: