Search
Close this search box.

ՄԱԿ-ի արցախեան խայտառակ տեղեկագիրը

ՄԱԿ-ը Արցախի քաղաքացիական կառոյցներու կրած վնասները ստուգելու, իրավիճակը արձանագրելու համար՝ որոշած էր տեղւոյն վրայ առաքելութիւն մը ղրկել Հոկտեմբեր 1-ին։

Առաքելութեան տեղեկագիրը հրապարակուած է Հոկտեմբեր 2-ին եւ ուղղակի գայթակղեցուցիչ է։ ՄԱԿ-ի խումբը Ակնայէն (Աղդամ) Ստեփանակերտ անցեր է,– զոր անշուշտ կը կոչէ Խանքենտի,– ուր հանդիպում ունեցեր է ՏԵՂՒՈՅՆ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ (՞՞՞) հետ, մինչ նոյն տեղեկագրին մէջ այլ տեղ կ՚ըսուի, թէ մարդ չէ մնացած հոն, նոյնիսկ տեղին կը համարուի, ՈՐՊԷՍ ԿԵԱՆՔԻ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԿԱԳԻՆ ՆՄՈՒՇ՝ հանրակառքի մը՝ 12 հոգիով դէպի Հայաստան ճամբայ ելլելու մանրամասնութեան նշումը. այլ տեղ ալ կ՚ըսուի, թէ ըստ վկայութիւններու՝ ԱՄԲՈՂՋ ՂԱՐԱԲԱՂԻ (Արցախի) ՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ԸՆԴԱՄԷՆԸ 50-ԷՆ 1.000 ՀԱՅ ՄՆԱՑԱԾ Է։ Խումբին անդամները ԻՐԵՆՑ ԱՉՔԵՐՈՎ ՀԱՍՏԱՏԵՐ ԵՆ, որ քաղաքի թաղերուն մէջ իրենց պտոյտի ընթացքին ՈՉ ՄԷԿ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑ ԿԱՄ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԵՆԹԱԿԱՌՈՅՑ, ԻՆՉՊԷՍ՝ ԲՆԱԿԱՐԱՆ, ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ, ԴՊՐՈՑ, ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԱՄ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑ ՎՆԱՍ ԿՐԱԾ Է… 

Տեղեկագրին մնացեալ մասն ալ,– եթէ մեզի ներուի ըսել՝ ներկայի հանգամանքներուն մէջ,– կատարեալ կատակերգութիւն մըն է։ Կ՚ըսուի թէ (դարձեալ իրենց ԽՕՍԱԿԻՑՆԵՐՈՒ վկայակոչումով), որ Սեպտեմբեր 20-ի հրադադարէն ետք ՈՉ ՄԷԿ ՔԱՂԱՔԱՑԻ ՈՐԵՒԷ ԲՌՆՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿՈՒԱԾ Է։ Հուսկ, անհեթեթութեան գագաթնակէտը կը հանդիսանայ հետեւեալ հարցադրումը. «Գիւղական բնակավայրերու սահմանափակ հասանելիութեան պատճառով՝ անասնաբուծութեան եւ գիւղատնտեսութեան վերաբերեալ տեղեկատւութիւն չկար, ինչպէս օրինակ՝ ԱՐԴԵՕՔ ՀՈՂԱԳՈՐԾՆԵՐԸ ՄՈՒՏՔ ՈՒՆԷԻՆ ԻՐԵՆՑ ԱՐՏԵՐԸ ԿԱՄ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԷԻ՞Ն ՑՈՐԵՆ ՑԱՆԵԼՈՒ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԵՂԱՆԱԿԻՆ»: 

Հետաքրքրականը այն է, որ ՄԱԿ-ը նման տեղեկագրի պատրաստութիւնը վստահած է ոմն… ՌԱՇԱՏ ՀՈՒՍԷՅՆՈՎի, որուն ազգութեան մասին ՈՉ ՄԷԿ ԳԱՂԱՓԱՐ ՈՒՆԻՆՔ։

Այլ նշում մըն ալ՝ խիստ կարեւո՛ր։ Այս առաքելութեան անդամներն էին՝ Ռուս մը, Փաքիստանցի մը, Ալպանացի մը, Թուրք մը եւ Հունգարացի մը…  Ազերպայճան արգիլած էր իր «թշնամական» որակած երկիրներէն ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը…