Search
Close this search box.

Մարուքեան. «Վագիֆ Խաչատրեան կը պատժուի Արցախ ծնած ըլլալուն եւ իր պապենական հողին վրայ ապրելուն համար»

Հոկտեմբեր 13-ին, Ազերպայճանի մէջ սկսած է Արցախէն առեւանգուած Վագիֆ Խաչատրեանի դատավարութիւնը։ Այս կապակցութեամբ Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Էդմոն Մարուքեան X-ի իր էջին գրած է. «Անշուշտ ան ո՛չ մէկ կապ ունի յանցագործութեան հետ եւ կը պատժուի պարզապէս Արցախ ծնած ըլլալուն եւ իր պապենական հողին վրայ ապրելուն համար»։

Մարուքեան մատնանշած է, թէ «Ազերպայճանի մէջ չի կրնար արդար դատաքննութիւն ըլլալ, արդար դատարան եւ/կամ արդարացի մեղադրանք։ Խօսքը երկրի մը մասին է, ուր իշխանութիւնը աւելի քան 20 տարի է, որ չէ փոխուած, մինչդեռ այդ ընթացքին Արցախի մէջ ընտրուած է հինգ նախագահ: Բացի ատկէ, Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը Արցախը գնահատած է իբրեւ մասամբ ազատ՝ 37 միաւոր ցուցանիշով, իսկ Ազերպայճանը՝ 9 միաւորով՝  ոչ-ազատ»:

«Ցարդ տեղի ունեցած բոլոր դատավարութիւնները կեղծիք են, Եւրոպական համաձայնագրի ծաղր եւ միջազգային չափանիշերու խախտում՝ Ազերպայճանի ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւններու համածիրին մէջ։ Ազերպայճան պէտք է վերջ տայ մարդոց արժանապատւութիւնը նուաստացնող վերաբերումին եւ անյապաղ ազատ արձակէ Հայաստանէն եւ Արցախէն առեւանգած բոլոր գերիները»,– գրած է Մարուքեան՝ կից հրապարակելով դատարանի դահլիճէն տեսանիւթ մը, ուր Խաչատրեան կ՚արտասուի։

Արման Թաթոյեան. «Բացառուած է Ազերպայճանի կողմէ մարդկային վերաբերում ակնկալել առեւանգուած մեր քաղաքացիներու նկատմամբ»

Իրաւաբան Արման Թաթոյեան Դիմագիրքի իր էջին տեղադրած է հետեւեալ գրառումը.

«Պարզ է չէ՞, որ բացառուած է Ազերպայճանի կողմէ մարդկային վերաբերում ակնկալել առեւանգուած մեր քաղաքացիներու նկատմամբ:

Հիմա ալ լկտի դիտաւորութեամբ հրապարակած են անօգնական վիճակի մէջ գտնուող 68-ամեայ Վագիֆ Խաչատրեանի տառապանքի պատկերները՝ անոր հոգեվիճակը, յուսահատութիւնը ընտանիքի եւ հայ հասարակութեան մէջ տարածելու համար: Ակնյայտ է, թէ չորս ամիսէ ի վեր ան ի՛նչ պայմաններու տակ կը գտնուի՝ ազերպայճանական գերութեան դատապարտուած, հեռու ընտանիքէն, հայրենիքէն…:

Սա է այն պատկերը, որու մէջ յայտնուած ենք մենք, եւ սա այն ցաւալի իրավիճակն է, որու մեղաւորները, ցաւօք, իրենք զիրենք մեղաւոր չեն համարեր:

Պէտք էր ամէն ինչ ընել, որ Վագիֆ Խաչատրեանն ու մեր միւս հայրենակիցները չյայտնուէին ազերպայճանական գերութեան մէջ, չգտնուէին այսպիսի նուաստացած վիճակի մէջ, որ  Ազերպայճանն ալ անկէ չհրճուէր: Հայաստանի քաղաքացին, Հայը պէտք է զգայ Հայաստանի պետութեան պաշտպանութիւնը:

Քանի դեռ Հայաստանի գիւղերու եւ քաղաքներու դրացնութեամբ, ճամբաներուն վրայ կան ազերպայճանական զինուած ծառայողներ, մեր քաղաքացիները վտանգի տակ կը գտնուին:

Անոնց յանցաւոր արարքները պիտի շարունակուին, քանի տակաւին կը շարունակուի ազերպայճանական իշխանութեան ցեղասպան քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ պատախանատւութեան բացակայութիւնը»։